«alikonline.ir» –3 Մարտին Թեհրանի մէջ իր աւարտին հասաւ «Հայ Դատը Այսօր» 14-րդ խորհրդաժողովը «Հայաստանը, Արցախը, եւ Յարափոփոխ Տարածաշրջանը» խորագիրով, որ նախաձեռնած էր Հայկական Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը (ՀՈՒՍԿ):

Ընդլայնուած խորհրդաժողով, որուն օրակարգին վրայ էր Հայաստանի, Արցախի եւ միջազգային քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ բարոյահոգեբանական իրավիճակի քննութիւնը, տարբեր մարտահրաւէրներու գնահատումը, հայութեան զարգացման տեսլականի եւ այլ հարցերու մասին քննարկումները:

Երկօրեայ խորհրդաժողովը իր ընդլայնուած քննարկումներու ժամանակ մասնաւորապէս, անդրադարձած է ՀՀ պարտուած իշխանութիւններուն վարած ապազգային քաղաքականութեան աղէտաբեր ըլլալու հանգամանքին, շարունակուող ամբոխավարական մօտեցումներու հետեւանքներուն, Արցախի հարցը անտեսելու սպառնալիքներուն, «Խաղաղութեան Դարաշրջան» բանալու ՀՀ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան բովանդակային սնանկութեան, սփիւռքի գործօնը անտեսելու հանգամանքին, հայ-իրանական գործակցութիւններու խորացման անհրաժեշտութեան, ատրպէյճնա-թրքական տարածաշրջանային յաւակնութիւններու մարտահրաւէրներու եւ կարելի զարգացումներու, գիտելիքահէնք տնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցին՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան քաղաքական եւ հասարակական մտքի ընկալումներուն, ինչպէս նաեւ՝ Ռուսիոյ տարածաշրջանային դերակատարութեան եւ այլ հարցերուն։

Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն էին՝ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկակացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Ալիքօնլայնի խմբագիր-պատասխանատու Արամ Շահնազարեան, ազգային հասարակական գործիչներ Արթուր Յովսէփեան, Նոէլ Մինասեան, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան, ատրպէյճանագէտ Անժելլա Էլիպեքովան, իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան եւ քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեան:

Նախաձեռնութեան աւարտին Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը արտայայտեց՝ Իսակ Իւնանէսեան, այնուհետեւ ՀՅԴ Իրանի հիւսիսային շրջանի ԿԿ խօսքը փոխանցած է Արամ Շահնազարեան, որուն յաջորդած է ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը, որ ներկայացուցած է Կիրօ Մանոյեան:

Խորհրդաժողովի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան: