Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտոր Ֆայսալ ալ-Միքտատ այսօր Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն ներս դիմաւորեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
Նախարար Մըքտատ այս առիթով ըսաւ. “Կ’ողջունենք նախարար Միրզոյեանի այցելութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ ճիշդ պահուն, ինչ որ երկու երկիրներու պատմական, կայուն եւ մշտապէս զարգացող յարաբերութիւններու արտայայտութիւնն է։

Մըքտատ Սուրիոյ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին, դժուարին պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դրսեւորած մարդասիրական ազնիւ մօտեցումին համար։

Միրզոյեան Դամասկոսի միջազգային օդանակայան ժամանեց հայկական ինքնաթիռով, որ կը տեղափոխէր 36,6 թոն սննդամթերք եւ մարդասիրական օգնութիւն՝ երկրաշարժէն տուժածներուն։ Օդանաւը օժանդակութիւնը պիտի հասցնէ Հալէպի միջազգային օդակայան։