Երկրաշարժերու հիմնական պատճառը այն է, որ երկրագունդին կեղեւը միահամուռ եւ կայուն չէ: Կազմուած է մեծ ու փոքր «կերտուածական սալ»-երէ (tectonic plate), որոնք յարատեւ շարժումի մէջ են: Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ աշխարհագրական փոփոխութիւնները շուրջ  50 միլիոն տարի ընդմիջումներով: Մօտ 200 միլիոն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած է մէ՛կ համատեղ երկրամաս, որ կը կոչուի «Pangea» (համաերկիր) (1):

Բարեխառն չարիք.- Երկար ժամկէտի առումով, երկրաշարժերը մեծապէս օգտակար եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ են երկրագունդին վրայ կեանքի պահպանման համար: Կը գոյացնեն լեռներ, որոնք ոչ միայն ըմպելի ջուրի շտեմարան են, այլ նաեւ` կենսոլորտի հարստութեան աղբիւր: Ընդերքէն դուրս կը բերեն պարարտ հող եւ հազուագիւտ ծանր մետաղներ (ինչպէս` ոսկի եւ իւրանիոմ): Կը նորոգեն ծովերու քիմիական բաղադրութիւնը եւ այլն: Առանց սալերու տեղաշարժին` մայր ցամաքամաս «Կէա»-ն պիտի պարփակէր հոյածաւալ անապատ մը: Կարճ ժամկէտի առումով (ինչպէս մեր կեանքն է) պարբերաբար տեղի կ՛ունենան աղէտներ…

Խոհանոցային.- Երկրագունդին կեղեւը, որ կազմուած է մեծ ու փոքր սալերէ, որոնք կը ծփան հեղուկ լաւայի շերտի մը վրայ, որ կը կոչուի «ծածկոյթ» (Mantle): Լաւայի բաղադրութեան մէջ գերիշխող են երկաթը եւ երկաթի նման «միջին» զանգուածի հիւլէներ, որոնք կայուն են: Երկրագունդի կորիզ (Core) կազմուած է ծանր հիւլէներէ, որոնք ընկղմած են դէպի ձգողութեան կեդրոն: Ծանր հիւլէներ, ինչպէս` իւրանիոմ, ընդհանրապէս անկայուն են եւ շողարձակումի միջոցով ժամանակի ընթացքին կը վերածուին կայուն հիւլէներու (2): Այդ շողարձակումն է, որ ջերմուժ կ՛արտադրէ եւ կորիզը կը պահէ մօտ 5 հազար աստիճան տաքութեան վրայ, որ, ի դէպ, մօտ է արեւու մակերեսի ջերմաստիճանին: Կորիզը հաստատուն է, որովհետեւ ենթակայ է ահռելի ճնշումի (չորս հազար թոն իւրաքանչիւր քառակուսի սանթիմեթրի վրայ): Հեղուկ ծածկը նման է տաքցուող ջուրի: Տաք յատակին հպած ջուրը կ՛ընդլայնի, կը նօսրանայ եւ կը բարձրանայ վեր, ուր կը պաղի, կը խտանայ եւ կը սուզուի դէպի յատակ: Կը կազմուին քանի մը շրջանաձեւ հոսանքներ, որոնք կը կոչուին «փոխադրական» (convective), որովհետեւ նիւթը ինքն է, որ իրեն հետ «կը փոխադրէ» ջերմուժը: Ծածկոյթին վրայ ծփացող տարբեր ձեւի եւ տարածութեան սալերը կը շարժին հեղուկ ծածկի մակերեսի հորիզոնական փոխադրական հոսանքներուն հետ, որոնք ի հարկէ զուգահեռ չեն: Տեղի կ՛ունենայ անխուսափելի հրմշտուք, որ  սահուն չ՛ընթանար, որովհետեւ հպումի սահմանագիծները, որոնք կը կոչուին «խզուածք» (fault, faille), ողորկ չեն:

Գծապատկերները ցոյց կու տան, որ Մարաշ կը գտնուի խզման երկու գլխաւոր գիծերու հանդիպման վրայ: Մեր հարաւը գտնուող Արաբական սալը դէպի հիւսիս կը շարժի տարեկան 1,5-2,0 սմ արագութեամբ: Աւելի մեծ սլաքով նշուած Անատոլեան սալը դէպի արեւմուտք կը շարժի աւելի արագ, տարեկան մօտ 5 սմ: Այս շարժումները կարելի է մեծ ճշգրտութեամբ չափել արբանեակներու եւ գետնի վրայ գտնուող  հայելիներով օժտուած շարք մը կայաններու միջեւ արձակուած լէյզըր նշաններու միջոցով (3):

Քանի մը սանթիմեթր շարժումը կրնայ աննշան թուիլ, բայց այդ սխալ է առնուազն երկու պատճառով: Նախ` այն, որ շարժումը տարիներու ընթացքին կը կուտակուի: Ապա` այն, որ հպումի մակերեսին վրայ կը գտնուին հրաբխային ծագում ունեցող հսկայական կարծր զանգուածներ (ապարներ): Անոնք որոշ նմանութիւն ունին շատ կարծր զսպանակի եւ կամ պինդ աղեղի: Հրմշտուքին պատճառած ձեւափոխումը (strain) կը կուտակէ մեծ քանակութեամբ ուժ (potential energy), որ կ՛արձակուի, երբ սալը պոկուի: Շարժումը կրնայ ունենալ կարճ ու երկար հանգրուաններ: Սկզբնական մանր խլրտումներէ ետք (որոնք թերեւս որպէս ազդանշան կը ծառայեն կարգ մը անասուններու) բեկումը յաճախ կ՛արագանայ, որովհետեւ շփման ուժը կը նուազի, երբ շփուող մակերեսներ շարժումի մէջ են: Ընթերցողը հաւանաբար նկատած է, որ երբ ծանր առարկայ մը կը հրենք կամ քաշենք, նուազ ճիգի կը կարօտինք, երբ առարկան սկսած է շարժիլ (4):

Կործանարար ուժը.- Երկրաշարժին շուրջ մասնագիտական հաշուարկի  չեմ հանդիպած: Թերեւս հետագային լոյս տեսնեն… Թուրքիոյ մէջ: Վիճակագրական առումով, այս տարողութեամբ երկրաշարժեր կը պատահին տարին շուրջ 4 անգամ: Անոնց մեծ մասը` ովկիանոսներու յատակին եւ կամ ամայի վայրերու մէջ: Թուաբանական տարազի առումով, յարաբերութիւնը նման է երկնաքարերու զանգուած-յաճախականութիւն խոտոր (inverse) յարաբերութեան, որուն նախապէս անդրադարձած եմ (5): Կողքի գծանկարէն դատած` 7,8 ռիխթըր ուժգնութեան երկրաշարժ մը միջին հաշուով կ՛արձակէ շուրջ 7,5 հազար քիլոթոն TNT պայթուցիկի համազօր ուժ: Հիրոշիման ածխացուցած կորիզային ռումբը համազօր էր լոկ 16 քիլոթոն պայթուցիկի: Երկրաշարժը համազօր է շուրջ հինգ հարիւր նման ռումբի: Երկրաշարժեր կը պատահին միջին հաշուով 50 քմ խորութեան վրայ, իսկ Մարաշի երկրաշարժը` 18 քմ: Մակերեսին մօտ երեք անգամ աւելի մօտ ըլլալու հանգամանքը աւերը կը բազմապատկէ (3×3 = 9 անգամ):

Երկրաշարժի պարզացուած պատկերը.-  Երկրաշարժի ճշգրիտ պահը անակնկալ էր, երկրաբանական ընթացքը` ոչ: Վերը նշուած երկու շարժումները պարզացուած ձեւով կը տեսնենք կողքի գծապատկերին մէջ, ուր Արաբական սալը (կապոյտ) քիչ մը վեր բարձրացած է, իսկ Անատոլեան սալը (դեղին) մօտ երկու անգամ աւելի սահած դէպի արեւմուտք: Մարաշ կը գտնուի ձեւափոխութեան կիզակէտին վրայ, իսկ Հալէպ` ոչ շատ հեռու:

Ցնցումային (seismic) ալիքներ.- Ալիքները կը բաժնուին երկու գլխաւոր դասի. երկայնական (longitudinal), երբ մեքենական ալիքներու համար մասնիկներու շարժումը զուգահեռ է տարածումի (propagation) ուղղութեան, եւ` լայնակի (transverse), երբ մասնիկներու շարժումը ուղղահայեաց է տարածումին: Գծապատկերը ցոյց կու տայ, որ երկու շարժումները կարելի է յստակօրէն ցուցադրել` գործածելով դաստիարակչական հիանալի պարզ խաղալիք մը` «Կախարդական զսպանակը», որ ծանօթ է իր աստիճաններէն վար իջնելու կարողութեամբ (Տես, օրինակ, www.youtube.com/watch?v=msn-zrjIjE4):

Երկրաշարժի պարագային երկայնական ալիքները կը կոչուին «սկզբնական» (P-Primary), որովհետեւ աւելի արագ են եւ ուրեմն կը հասնին աւելի կանուխ: Լայնակի շարժումները  կը կոչուին «երկրորդական» (S – Secondary): Ինչպէս երկրաշարժի պարզացուած  գծանկարը ցոյց կու տայ, երկրաշարժի ընթացքին ոչ ողորկ մակերեսներու միջեւ շփումը տեղի կ՛ունենայ խզման գիծի երկայնքին, այսինքն` զուգահեռ: Անոր պատճառած ուժեղ ցնցումները ուրեմն լայնակի են, ուղղահայեաց տարածումի ուղղութեան:

Արագութիւնները կախեալ են տուեալ հողամասի յատկութիւններէն: Միջին հաշուով լայնակի ալիքներու արագութիւնն է 3-4 քմ/երկվ, իսկ երկայնական 7-8 քմ/երկվ, այսինքն` կրկնակի արագ (6):

Կանուխ հասնող նուազ ուժգին երկայնական ցնցումները կրնան ծառայել որպէս ազդանշան: Մարաշ կը գտնուի մեզմէ մօտ չորս հարիւր քմ հեռաւորութեան վրայ: Գլխաւոր ալիքները մեզի կը հասնին երկրաշարժէն մօտ 50 երկվայրկեան ետք, իսկ երկրորդական ալիքները` մօտ 50 երկվայրկեան աւելի ուշ: Կարգ մը անասուններ, որոնք մեզմէ շատ աւելի զգայուն են գետնի թրթռացումներուն, այդ 50 երկվայրկեանի ընթացքին տագնապահար վարմունք կ՛ունենան: Ճիշդ չէ, որ շուները «կը լսեն» երկրաշարժը: Անոնք մեզմէ աւելի զգայուն են բարձր յաճախականութիւն ունեցող ձայներու, իսկ մեզմէ առնուազն երկու անգամ աւելի խուլ` ցած յաճախականութեան, ինչպէս որ երկրաշարժն է: Բացի ատկէ` օդին մէջ ձայնային ալիքները, որոնք կը տարածուին երեք տարածաչափի վրայ (3D),  աւելի արագ կը խամրին, քան` երկու տարածաչափային (2D) մակերեսի ալիքները:

Կան այլ, նուազ կարեւորութիւն ունեցող շարժումներ, որոնց գլխաւորն է «Ռէյլի» ալիքը, որ նման է ծովու մակերեսի ալիքներուն (7): Այդ կը նկատուի կակուղ հողի խորունկ ընդարձակ շերտերու մակերեսին, որուն վրայ հաւանաբար շինութիւններ չկան:

Աւերի մեքանիզմը.- Արդի շինութիւնները կրաձոյլ (reinforced contrete)  կմախքներ են, որոնց վրայ կ՛աւելնան աղիւս եւ  ապակի պատեր, որոնք ամրութեան առումով պարզապէս յաւելեալ բեռ են: Կրաձոյլի մեքենական յատկութիւնը այն է, որ կրնայ դիմանալ մեծ ճնշումի, բայց արագ կը բեկանուի, երբ ենթարկուի ձգումի (tension), այսինքն` երբ հարկ է «նօսրանալ»:

Երկրորդական (S) ալիքներու պարագային, գետնի շարժումը հորիզոնական է, բարձրայարկ շէնքերու հիմերը կը շարժին գետնին հետ, մինչդեռ վերի յարկերը «ետ կը մնան»: Այդ կը նշանակէ, որ շէնքը, իմա` սիւները, հարկ է որ կորանայ: Այդտեղ կրնայ սկսիլ բեկումը եւ փլուզումը: Կրաձոյլին կ՛աւելցուին պողպատ ձողեր, եւ  կը ստանանք ամրացուած կրաձոլ (reinforced contrete): Այդ ձողերը, սակայն, չեն կրնար արգիլել սիւներու «կորացումը», եթէ զետեղուած չեն ճիշդ ձեւով եւ բաւարար քանակով:

Դիտանկիւնի հնարքով չափազանցուած լուսանկարը ցոյց կու տայ հորիզոնական ալիքներու երկաթգիծի մը պատճառած աւերը: Սկզբնական (P) եւ «Ռէյլի» ալիքները նուազ աւերող են, բայց ի հարկէ` ոչ բոլորովին անվնաս:

Ցնցումային ալիքներ ի հարկէ կը տարածուին երկրի ընդերքին մէջ: Այդ կը հետաքրքրէ երկրաբանները, որոնք այդ ցնցումները ուսումնասիրելով` տեղեկութիւն կը ստանան ընդերքի կառոյցին շուրջ:

Ցունամի.- (Ճափոներէնով` նաւահանգիստի ալիք): Երբ ովկիանոսի յատակին իրարու բախող երկու սալերէն մէկը յանկարծ սկսի բարձրանալ միւս սալին վրայ, այդ կը նշանակէ առնուազն 8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Սալը մեծ քանակութեամբ ջուր կը մղէ դէպի վեր: Ալիքի «բլուրը»  կը տարածուի ամէն ուղղութեամբ: Ինչպէս վերը նշած էի «Ռէյլի» ալիքներուն կապակցութեամբ, ջուրի շարժումը ձուաձեւ է, պարզ է, որ երբ ջուրի խորութիւնը գրեթէ զերօ է, այդ շարժումը գրեթէ անկարելի կ՛ըլլայ, ալիքի արագութիւնը կ՛իյնայ զերոյի (8): Ալիքի յառաջամասը, որ նուազ խորութեան վրայ է, աւելի դանդաղ է, քան` յետսամասը, որ կը սկսի մագլցիլ յառաջամասին վրայ: Երեւոյթ, որ ի զօրու է նաեւ բնական ալիքներու պարագային: Թեթեւ թեքութիւն ունեցող հարթ աւազափ ծովեզերքներու վրայ այդ կը ծառայէ «սըրֆ» (surf) կոչուող մարզաձեւին: Ցունամին հաւանական է Միջերկրականի արեւմտեան աւազանին մէջ, ուր Ափրիկեան սալի շարժումը ուղղահայեաց  (շեշտակի) է խզուածքի գծին: Ինչպէս գծապատկերը ցոյց կու տայ, մեր աւազանին մէջ շարժումը զուգահեռ է խզուածքին: Արեւելեան աւազանին մէջ ցունամին անհաւանական է, բայց չէ բացառուած: 551 թուականին ցունամին խլած է մօտ 30 հազար լիբանանցիի կեանք: Բաց ծովուն վրայ ցունամի ալիքի արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 6 հարիւր քմ-ի: Եթէ Կիպրոսի կրկին  հեռաւորութեան վրայ պատահի, մենք մօտ 40 վայրկեան ժամանակ կ՛ունենանք հեռանալու համար ծովեզերքէն: Լիբանանի լեռնային ծովեզերքը ունի մեծ թեքութիւն: Այդ կը նշանակէ, որ մօտեցող ցունամիի ալիք մը արագ պիտի կուտակուի, այսինքն բարձրանայ:

Ենթադրութիւններ.- Ամերիկացի երկրաբան փրոֆ. Հարըլտ Թոպին հրապարակած է երկրաշարժի պատճառած լարումներու փոփոխութեան գծապատկեր մը: Մութ կարմիր, այսինքն` լարումի աճ կը տեսնենք խզումի երկայնքին, այսինքն դէպի հիւսիս-արեւելք եւ հարաւ-արեւմուտք: Հալէպ կը գտնուի կապոյտի վրայ, այսինքն «հանգստացած» տարածք է: Լիբանանը` կապոյտի եւ կարմիրի միջեւ, այսինքն` անորոշ, ինչպէս միշտ: Անցեալ տասը օրերու ընթացքին միջին ուժգնութեամբ շարք մը երկրաշարժեր արձանագրուեցան Ալեքսանտրեթի, Կիպրոսի եւ Հերմելի մէջ: Առաջին երկուքը կը գտնուին խզուածքի հարաւ-արեւմտեան շարունակութեան վրայ, ինչպէս երկրաբանը ենթադրած էր:  Անոնք կարելի է համարել Մարաշի երկրաշարժի յետցնցումներ: Իսկ Հերմելի երկրաշարժը` ոչ: Հարկ է, որ Պհաննես գտնուող «Երկրաբանական  ուսումնասիրութիւններու ազգային կեդրոն»-ը զբաղի այդ հարցով:

Լիբանանի երկայնքէն անցնող ճիւղաւոր «Եամմունէ» խզուածքը Մեռեալ ծովի խզուածքին շարունակութիւնն է, ոչ` Անատոլեան, որուն վրայ պատահեցաւ Մարաշի երկրաշարժը: Մեր պարագային յաւելեալ դեր կը խաղայ Ափրիկեան սալը, որ աւելի դանդաղ է, քան` Անատոլեանը: Գծապատկերին մէջ արագութիւնները ներկայացուած են սլաքներու (vector) ծաւալով: Սալը մեզի կը մօտենայ տարեկան շուրջ 1,5 սմ:

Երկրաբաններ բազմիցս յայտնած են, որ ոչ ոք կարող է գուշակել երկրաշարժի պահը եւ ուժգնութիւնը: Միակ կարելի հաշուարկը վիճակագրական է: Պատմական արձանագրութիւններէն դատած` ուժգին երկրաշարժեր Լիբանանը հարուածած են 551 եւ 1170 թուականներուն, իսկ Հալէպը` 1822-ին: Զանոնք բաժնող ժամանակամիջոցը աւելի քան վեց դար է (619 եւ 652): Եթէ (կը կրկնեմ` եթէ) այդ օրինաչափ համարենք, ապա կրնանք անդորր…

Այստեղ կարելի է նշել, որ ոմն հոլանտացի Հուկըրպիթսի գուշակութիւնը, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի աստղագիտութեան, առաւել եւս երկրաբանութեան հետ:  Եթէ նոյնիսկ այդ պահուն բոլոր մոլորակները ուղիղ շարքի կանգնած ըլլային (ինչ որ ճիշդ չէ), անոնց ներդրումը չնչին յաւելում մը պիտի ըլլար լուսնի ձգողականութեան վրայ: Փետրուար 7-ը լիալուսին էր: Այդ թերեւս կը գրգռէ չար ոգիներ եւ… աղուէսաբարոյ շառլաթաններ, բայց ոչ մէկ փոփոխութիւն կը բերէ ձգողական դաշտին: Ճիշդ է, որ լուսնի ձգողականութիւնը կրնայ սալերը քաշել դէպի վեր (կամ` վար, եթէ երկրի հակառակ կողմ գտնուի): Ծովու մակընթացութիւնը այդ ցոյց կու տայ: Այդ ձգողականութիւնը, սակայն, կրնայ կարեւոր ըլլալ միայն այն ատեն, երբ սալերը արդէն իսկ հասած են բեկման կէտին: Լուսինը կը դառնայ այն «յարդի շիւղը, որ կը կոտրէ ջորիին մէջքը»: Հոլանտացին, ինչպէս այլ գուշակներ, կը հետեւի Barnum Effect կոչուած ոսկի օրէնքին: Եթէ գուշակութիւնը բաւարար չափով անորոշ է, ապա կարելի է փաստարկել, որ իրականացած է: Հուկըրպիթս ըսած է` «Ուշ կամ կանուխ»: Թուական չէ՛ ճշդած:

Քաոսի նկարագրագծում.- Քաոսի տեսութիւնը (Chaos Theory) կիրարկելի է, երբ մեքենական դրութեան մէջ առկայ է շարժիչ (driving) գործօնը, որ այս պարագային ծածկոյթի հոսանքներն են, ոչ` գծային վերականգնող ուժը (nonlinear restoring force), որ այս պարագային սալերու առաձգականութիւնն է, եւ` խամրեցնող գործօնը  (damping), որ այս պարագային շփումն է:  Թուաբանական (ի հարկէ` համակարգչային) հաշուարկը կարելի է, երբ դանդաղ սահանքը չափուած եւ արձանագրուած է երկար ժամանակահատուածի վրայ:

Նման հաշուարկ մը կատարուած է Քալիֆորնիոյ  ափէն անցնող Սան Անտրէա խզուածքին շուրջ, հիմնուած` 2007-2017 շրջանին կատարուած չափումներուն վրայ: Կողքի գծապատկերի վերեւի բաժինը ցոյց կու տայ տուեալ ժամանակամիջոցի վրայ սահանքի քանակը` Ք, հաշուած խորանարդ մեթրով` իսկ ներքեւի բաժինը` սահանքի փոփոխութիւնը` Փ, հաշուած խորանարդ մեթրով` իւրաքանչիւր տարի: Գծապատկերի աջին տեսնուող գունաւոր երիզը ցոյց կու տայ վտանգի ծանրութիւնը:

Այս կը կոչուի վիճակի գծապատկեր (phase diagram) (10): Պատկերը ցոյց կու տայ տուեալ շրջանի երկրաշարժային «նկարագիր»-ը: Երբ նոր երկրաշարժ մը պատահի, անոր Ք եւ Փ տուեալները կը նշեն, թէ այդ պահուն ո՛ւր կը գտնուինք գծապատկերին վրայ, եւ ուրեմն որքա՞ն վտանգաւոր է կացութիւնը: Վիճակի գծապատկերը կու տայ հաւանականութիւն, ոչ` գուշակութիւն: Խզուածքներ իրերանման չեն: Այլ խզուածքներ կրնան ըլլալ Սան Անտրէայի նման, բայց` ոչ անոր ճշգրիտ կրկնութիւնը: Պհաննեսի աշխատախումբին համար առաջնահերթ պէտք է ըլլայ  ուսումնասիրել, թէ կարելի՞ է Եամմունէ խզուածքի «խառնուածք»-ի գծապատկերը պատրաստել: (Լուրջ եմ, ինչո՞ւ…):

Հուսկ բանք.- Փորձեցի պարզ ձեւով նկարագրել երկրաշարժերու բնոյթը: Ընթերցողը հաւանաբար դիտած կամ կարդացած է խորհուրդներ, թէ ինչպէ՛ս հարկ է վարուիլ եւ ինչպիսի՛ նախզգուշական միջոցառումներու հարկ է նախաձեռնել: Ամէնէն ցաւոտ հարցը շինութիւններու ամրութեան ստուգումն է մասնագէտներու կողմէ: Չի բաւեր դիտել պատերն ու սիւները: Համացանցի վրայ լայն գրականութիւն հասանելի է կրաձոյլի ամրութիւնը չափելու միջոցներուն շուրջ: Մեզի կը մնայ անոնց գործադրութեան միջոցները ապահովել:

—————————

  1. Յունական դիցաբանութեան մէջ Gaea կամ Gea Երկրի աստուածուհին էր, մայր աստուածուհին: Այդ արմատով կազմուած են բազմաթիւ եզրեր, ինչպէս Geo-metry` երկրա-չափութիւն եւ Geo-logy` երկրա-բանութիւն:
  2. Գլխաւորաբար, որովհետեւ մեծ հիւլէի կորիզին մէջ մեծ դրական լիցքը վանողական ուժ կը յառաջացնէ: Այս առանձին նիւթ է:
  3. Այդ նման է ռատարի: Արձակուած նշանի երթուդարձի ժամանակը ցոյց կու տայ ցոլացնող հայելիներու հեռաւորութիւնը: Հաշուարկը կը կարօտի 3 տարածաչափային երկրաչափութեան, որ համակարգիչը կարող է կատարել շատ արագ:
  4. Երկու մակերեսներու հպման կէտերու վրայ գտնուող մասնիկներու միջեւ կը կազմուին քիմիական կապեր (bond), բեկումը կը կարօտի ուժի: Երբ մակերեսները շարժուն են, նուազ կապեր կը հաստատուին եւ, հետեւաբար, նուազ ուժ հարկ կ՛ըլլայ գործադրել (Տես A. E. Filippovet al Friction through Dynamical Formation and Rupture of Molecular Bonds Phys. Rev. 30 March).
  5. «Դիւապետի կռանը», «Ազդակ», 27 ապրիլ 2020:
  6. Աւելի արագ են, որովհետեւ նիւթի խտացումը աւելի մեծ ուժ կը պահանջէ, քան` անոր կողմնակի ձեւափոխումը:
  7. Ջուրը առաձգական չէ: Ծովու մակերեսի ալիքները ենթակայ են Երկրի ձգողութեան: Մակերեսի մասնիկներուն շարժումը «ձուածիր» (elliptical) է: Ծփացող իրերը (ինչպէս` սրուակներ կամ նաւակներ) կը շարժին միաժամանակ ե՛ւ վեր ու վար, ե՛ւ ետ ու առաջ: Այդ առանձին նիւթ է:
  8. Ջուրի մակերեսի ալիքներու արագութիւնը կախեալ է ջուրի խորութենէն եւ ալիքի երկայնքէն: Բաց ծովու մէջ արագութիւնը կրնայ հասնիլ 160մ/երկվ, իսկ տասը մեթրի մէջ` 10մ/երկվ: Թուաբանական, ի դէպ, վերանցական (transcendental, hyperbolic tangent տիպի) տարազը կարելի է տեսնել համացանցի վրայ: Օրինակ` LibreTexts Physics «Types of Waves».
  9. Տես https://www.science.org/doi/10.1126/sciadv.aaz5548
  10. Դասական մեքենագիտութեան մէջ մարմինի մը տեղադրումը (coordinates) եւ տեղաշարժը (velocity) աներկբայօրէն կ՛որոշեն անոր հետագայ ծիրը: Քաոսածին շարժումի մէջ այդ կարելի է, որովհետեւ առկայ են բազմաթիւ անորոշ տուեալներ: Ոչ ոք կրնայ գուշակել, թէ ո՛ւր պիտի կանգնի լեռնալանջէն վար գլորող ժայռ մը: Նոյն տուեալները (տեղադրում եւ փոփոխութիւն), սակայն, կը կազմեն վիճակի գծապատկերի առանցքները (axes): Կողքի վիճակի գծապատկերը ցոյց կու տայ խամրելու ենթակայ շարժող բաղադրեալ ճօճանակի մը (Damped Driven Compound Pendulum) գծապատկերը, նմանութիւն մը Սան Անտրէայի հետ հեռաւոր է, որովհետեւ Քալիֆորնիոյ խզուածքը բաղադրեալ ճօճանակ մը չէ:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ