Կիրակի, 26 Փետրուար 2023-ին, Եւրոխորհուրդի կարգ մը պետութիւններ 120 թոն մարդասիրական օգնութիւններով եւ բժշկական պիտոյքով բեռցուած երրորդ օդանաւ մը ուղարկեցին Դամասկոսի Միջազգային օդակայան՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն համար։
Սուրիոյ մէջ Եւրոխորհուրդի մարդասիրական գործողութիւններու գրսենեակի տնօրէն Լուիժի Պանտոլվի յայտնեց, որ 15 եւրոպական պետութիւն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Սուրիոյ երկրաշարժէն տուժածներուն եւ թէ անոնք պիտի շարունակեն օգնութեան ձեռք երկարել անոնց։