Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, 1 Մարտին հաղորդեց, որ «Նուսար» եւ «Թուրքիստանի կուսակցութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներ յարձակումներ գործած են Սուրիոյ Իտլիպ եւ Լաթաքիա նահանգներու արուարձաններուն մէջ լարուածութեան մեղմացման տարածքներուն եւ սուրիական բանակի կեդրոններուն վրայ վերջին 24 ժամուան ընթացքին։