«Գանձասար» Լաթաքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ.Տ.Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանէն տեղեկացաւ երկրաշարժէն ետք տարուող ծառայողական աշխատանքներուն հետեւեալ մանրամասնութիւնները.
6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան ժամը 4:17-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ  կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը՝ հոգալու կարիքները աղէտեալ այն ընտանիքներուն, որոնց բնակարանները վնասուեցան եւ ապաստանեցան իրենց հարազատներուն մօտ կամ եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահէն ներս:
Համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ.Տ.Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի գլխաւորութեամբ կազմուած յանձնախումբին մաս կազմեցին թաղականութեան երկու անդամներ՝ Մարօ Սողոմոնեան եւ Սարգիս Քէչէճեան։ Ապա  յանձնախումբին միացան ՍՕԽ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի անդամուհիներ՝ Ալին Թոփալաքեան-Գաբրիէլեան,  Արաքսի Պալեան-Աքքարի, Տաթեւիկ Քէօշկէրեան-Մինասեան եւ Թամար Թամէրեան-Քէօրքիւնեան։ Յանձնախումբը ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան թելադրանքին, յատուկ յայտարարութեամբ իմաց տուաւ համայնքի Հայ ընտանիքներուն, որ ներկայանան փաստացի տուեալներով՝ իրենց բնակարաններուն վնասուած բաժիններուն նորոգութեան համար յատուկ թղթածրարներ պատրաստելու։ Սոյն յայտարարութեան ընդառաջեցին աւելի քան 53 ընտանիքներ։
Թղթածրարները ղրկուեցան Ազգային Առաջնորդարան, միեւնոյն ժամանակ Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը եւ հոգեւոր հովիւները գումարեցին ժողով մը,  որուն ընթացքին որոշում առնուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու կողմէ մէկական մասնագէտ երկրաչափի մը գլխաւորութեամբ միջհամայնքային յատուկ յանձնախումբ մը կազմել, որպէսզի սերտէ թղթածրարները եւ կանխէ համայնքներու մէջ աշխատանքի խաչաձեւումները։ Իւրաքանչիւր  համայնք իր ծխայիններուն վնասուած բնակարաններուն ցուցակը պիտի պատրաստէ։ Հայ համայնքին կողմէ յանձնախումբի ներկայացուցիչ անդամ նշանակուեցաւ Երկրչփ. Աբրահամ Ճապպուր։ Յանձնախումբին որոշումով իւրաքանչիւր եկեղեցի կազմեց ներքին յանձնախումբ, որպէսզի ան  մէկ առ մէկ այցելէ վնասուած բնակարանները՝ արժեւորելու վնասուած բաժինները։ Յանձնախումբի անդամներն են՝ երկրչփ.Աբրահամ Ճապպուր, Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան եւ Աւետիս Կարպուշեան։ Աշխատանքը ընթացքի մէջ է։
Աւարտին բոլոր եկեղեցիները խնդրագրեր պիտի ներկայացնեն A.C.N  հաստատութեան, որպէսզի նորոգութեանց ծախսերը հոգայ, իսկ SALT հաստատութիւնը հոգայ տուներու վարձքը այն ընտանիքներուն, որոնք առայժմ անտուն են իրենց բնակարաններուն վնասուածքներուն պատճառով։ Միեւնոյն ժամանակ կարիքները հոգալու յանձնախումբը ստացաւ սննդակողովներ, հագուստներ, դեղորայք եւ մանուկներու կաթ ու տակաշոր տարբեր հաստատութիւններէ եւ նուիրատու բարերարներէ, ինչպէս՝ SALT, Եւրոպայի Սուրիանի բարեսիրական համայնքներ, Հոմսի արեւելեան Տմէյնէյի յոյն կաթողիկէ Մար Ճաորճիոս Անթոնիոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Ապտալլա Քամազի եւ գիւղի բնակիչներ, Հոմսի  Մամուրա գիւղի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ հովիւ եւ բնակիչներ, Սուրիանի եկեղեցւոյ պատրիարքարան, Լաթաքիոյ ատամնաբոյժներու միութեան գրասենեակ, Աւետարանական եկեղեցիներու ընդհանուր միութիւն։
Սննդակողովները եւ օգնութիւնները առաջին հերթին  բաժնուեցան բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք հիւրընկալուած են իրենց հարազատներուն բնակարանները։ Ապա բաժնուեցան կարիքաւոր ընտանիքներու եւ անհատներու։ Սոյն աշխատանքը մինչեւ պահս կը շարունակուի յանձնախումբին կողմէ։