Երկուշաբթի, 7 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան օրհնաբաշխ այցելութիւն տուաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ընկերակցութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներ տիար Գուրգէն Գալուստեանի եւ երկրչ. Յարութ Աւընեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ երկրչ. Տիգրան Պետրոսեանի, խնամակալութեան անդամներու, ճեմարանի տնօրէնուհի տիկ. Զեփիւռ Րէիսեանի եւ ճեմարանի պետական տնօրէնին կողմէ:

Ճեմարանի տնօրէնուհին խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր օրհնաբաշխ այցելութեան համար։ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց աշակերտներուն։ Ան գօտեպնդեց երկրաշարժի ցնցումներ ապրած աշակերտները, պատուիրելով, որ այս փորձառութենէն առաւել զօրացած դուրս գան եւ վերանորոգ թափով շարունակեն իրենց ուսումնակրթական կեանքը՝ աղօթքով եւ աշխատանքի լծուելով։
Մակար Սրբազան բարձր գնահատեց ծառայութիւնը ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն նուիրաբար կը ծառայեն հայ դպրոցին։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը տնօրէնութեան սենեակէն ներս հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնուհիին եւ պետական տնօրէնին հետ, վեր առաւ անոնց տարած հայակերտումի նուիրական առաքելութիւնը եւ աղօթելով՝ ապահով եւ հեզասահ գործունէութիւն մաղթեց անոնց։