Երկրաշարժի ցնցումէն ետք, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան որոշումով, ապահովական նկատառումներով, աղէտահար քաղաքներու ուսումնակրթական կեանքը դադրած էր, դպրոցները՝ փակուած։

Կրթութեան Նախարարութեան ապահով ու վերանորոգուած դպրոցներու վերաբացման որոշումին լոյսին տակ, Հալէպի հայկական կարգ մը վարժարաններ նախորդ շաբաթ, իսկ ազգային եւ միութենական վարժարանները այսօր բացին իրենց դռներն ու վերսկսան ուսումնակրթական կեանքը։