ՀՀ նախագահի աշխատակազմը կը տեղեկացնէ, որ Նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 նախարար նշանակելու մասին հրամանագրեր ստորագրած է:

Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի առաջին մասին` նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է հրամանագրեր, որոնցմով որոշուած է`

Յակոբ Արշակեանը նշանակել բարձր ճարտարագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար` փոխան փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարարուեստներու նախարարի պաշտօնին.

Սուրէն Պապիկեանը նշանակել տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար` փոխան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի պաշտօնին.  

Արայիկ Յարութիւնեանը նշանակել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար` փոխան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնին. 

Տիգրան Խաչատրեանը նշանակել տնտեսագիտութեան նախարար` փոխան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի պաշտօնին. 

Էրիկ Գրիգորեանը նշանակել շրջակայ միջավայրի նախարար` փոխան բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնին: