Սուրիան ցնցած երկրաշարժին առիթով, ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ին այցելեց նախ Դամասկոս, ապա Հալէպ։

Հալէպի մէջ Սինանեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ նախ հանդիպում ունեցաւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի հետ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան եւ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան:
Նահանգապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ ինչպէս պատերազմի տարիներուն, այնպէս ալ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի յաջորդող օրերուն, շեշտելով որ հայ-սուրիական յարաբերութիւնները պատմական խորք ունին, իսկ սուրիահայութիւնը անքակտելի մասնիկն է սուրիական ընկերութեան եւ ունի կարեւոր դերակատարութիւն Սուրիոյ տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ։

Իր կարգին Սինանեան աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն համար ցաւակցութիւն յայտնեց նահանգապետին, կարեւոր համարելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն ու գործակցութեան զարգացումը՝ միասնաբար դիմագրաւելու մարտահրաւէրները։ Սինանեան շեշտեց, որ Հայաստան միշտ պատրաստ է օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդին, որ 1988-ի Հայաստանը հարուածող երկրաշարժին փութաց օգնութեան, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հիւրընկալեց ու նոր կեանքի առիթ ընծայեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորներուն։

Այնուհետեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին հայ համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի փոխանորդ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Տատաղլեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, ծանօթացան երկրաշարժէն ետք համայնքներուն ժողովուրդին օժանդակութեան եւ աղէտի յաղթահարման համար տարուող ծառայողական աշխատանքներուն։

Հանդիպման ընթացքին համայնքապետները իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին Հալէպի երկրաշարժի ճգնաժամային օրերուն ՀՀ որոնողափրկարարական խումբին բերած ներդրումին եւ Հայաստանի պետութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած մարդասիրական օժանդակութեան համար։ Համայնքապետները անդրադարձան նաեւ երկրաշարժէն ետք ժողովուրդին կեանքը վերականգնելու համար մատուցուած ծառայութիւններուն, հաստատելով, որ խաղաղ թէ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ տէր ու պաշտպան կը կանգնին սուրիահայ համայնքի զաւակներուն։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը ցաւակցութիւն յայտնեց հայ զոհերուն համար եւ վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնն ու հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին զօրակցութիւնը սուրիահայութեան, մաղթելով, որ ան շուտով յաղթահարէ աղէտին հետեւանքները:

Երեկոյեան, Սինանեան ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին Սինանեան ծանօթացաւ սուրիահայ համայնքի գոյերթին պահպանման համար տարուող աշխատանքներուն եւ մարտահրաւէրներուն ու Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցութեան եւ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման համար։ Ան ներկայացուց նաեւ ՀՀ Սփիւռքի գրասենեակի նախատեսած ծրագիրները այս ուղղութեամբ։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեանն ու
ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանը։