Հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը, 7 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, այցելեց Հալէպի Պետական Համալսարանի հիւանդանոցի մանկական բաժանմունքի քաղցկեղով տառապող փոքրիկներուն, ինչպէս նաեւ ճգնաժամային խնամքի բաժանմունքը։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Ազգ. Վարչութեան եւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամներ, նաեւ հիւանդանոցէն ներս ծառայող եւ ՍՕ Խաչի Առողջապահական յանձնախումբին ատենապետը։

Սրբազան հայրն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն ունեցան հիւանդանոցի տնօրէն տոքթ. Նատիմ Զահլուքի հետ։

Հանդիպումին տեղի ունեցաւ ծանօթացում։ Սրբազան հայրը, թեմին անունով երախագիտութիւն յայտնեց հիւանդանոցի տնօրէնին, որուն խոհեմ ղեկավարութեամբ հիւանդանոցը մարդասիրական լայնածաւալ ծառայութիւն կը մատուցէ, յատկապէս երկրաշարժին հետեւանքով ստեղծուած ներկայ իրավիճակին մէջ։ Այնուհետեւ, անդրադարձ կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի տարած մարդասիրական եւ բարեսիրական ծառայութիւններուն։

Հիւանդանոցի տնօրէնը ուրախութեամբ ողջունեց ՍՕ Խաչի մարդասիրական ծառայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակցական այցելութեան համար։

Ապա սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ շրջեցաւ հիւանդանոցի սենեակները, օրհնեց մանուկները եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց իւրաքանչիւրին, ինչպէս նաեւ գնահատեց հիւանդանոցի վարչական եւ բժշկական կազմերը եւ առաւել ուժ եւ կորով մաղթեց անոնց։
ՍՕ Խաչի կողմէ քաղցկեղով տառապող փոքրիկներուն փոխանցուեցան խաղալիքի ծրարներ, ինչպէս նաեւ աշխատանոցէն ներս պատրաստուած տաքուկ ծածկոյթներ։