«Արմէնփրէս»._ Եւրոմիութիւնը մտահոգուած է այն իրողութեան ի տես, որ Լաչինի միջանցքէն տեղաշարժի ազատութեան շարունակական խախտումները կ’ազդեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներուն՝ առողջապահութեան, կրթութեան եւ սնունդի ապահովման իրաւունքներուն վրայ:

«Եւրոմիութիւնը կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ բոլոր պատասխանատուներուն երաշխաւորելու միջանցքէն ազատ ու ապահով տեղաշարժը ՝ համաձայն 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեան եւ պահպանելու միջազգային դատարանի 22 Փետրուար 2023_ի որոշումը։ Եւրոմիութիւնը Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ’ուղղէ շարունակելու երկխօսութիւնը՝ երկիրներու ղեկավարներուն մակարդակով։ Մենք անհամբեր կը սպասենք Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի աջակցութեամբ խաղաղ գործընթացի շարունակման», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։