Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի, Պաաս եւ Եփրատ Համալսարաններու նախապատրաստական տարուան եւ ուսուցիչներու կրթական վերապատրաստման տարուան երկրորդ կիսամեակը կը սկսի 26 Մարտ 2023-ին, իսկ Հալէպի, Թշրինի, Համայի եւ Թարթուսի պետական համալսարաններուն երկրորդ կիսամեակը կը սկսի 2 Ապրիլ 2023-ին։
Նախապէս, Նախարարութիւնը 2 Յուլիս 2023-ը ճշդած էր որպէս երկրորդ կիսամեակի քննութիւններու յանձնումի թուական, իսկ 27 Օգոստոս 2023-ը՝ վերաքննութեան թուական։