Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորը Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խնապատ, Մարտունի շրջանի Խնուշինակ, Մարտակերտի շրջանի Մոխրաթաղ ու Գառնաքար համայնքներու աշակերտներուն եւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն համար ամանորեան անակնկալ պատրաստած էր։ Նշեալ համայնքներու մանուկներն ու պատանիները արժանացած են նուէրներու:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանի համաձայն, ՀՕՄ-ի ամանորեան նուէրներուն ծրագիրը շարունակական բնոյթ կը կրեն: Այս տարի նախատեսած են աւելի մեծ թիւով աշակերտներու նուէրներ տրամադրել, բայց քանի որ դուրսէն պատուիրելու կարելիութիւն չկայ, բաւարարուած են իրենց ապահովածներով։ Ծրագիրին իրագործումը կարելի դարձած է ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն ուղարկած խաղալիքներուն եւ հագուստներուն շնորհիւ։

Լիլիթ Մարտիրոսեան կարեւոր համարած է շրջափակման պայմաններու մէջ ապրող մանուկներուն ճնշող առօրեայէն կտրելն ու ամանորեան հրաշքին նկատմամբ հաւատը վերականգնելը: Ան յոյս յայտնած է, որ հայութեան միատեղ ուժերով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Արցախի երեխաներուն խաղաղ ու անհոգ մանկութիւնը: