Հայաստան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի՝ իր պաշտօնէն հրաժարելու առաջարկ ներկայացուցած է: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեան:

«Այո, մենք համապատասխան առաջարկ ներկայացուցած ենք ՀԱՊԿ-ին»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Յունանեան՝ արձագանգելով մամուլի մէջ շրջանառուող այն լուրերուն, թէ Հայաստան հրաժարած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի՝ իր պաշտօնէն: