Չինաստանի միջնորդութեամբ, Իրան եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնեցան վերսկսիլ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ վերաբանալ իրենց դեսպանատուները երկու ամսուան ընթացքին։
Երկու երկիրները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան նպաստելու համար:

ՍԱՆԱ վկայակոչելով իրանեան «ԻՌՆԱ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ երեք երկիրներու տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Ի պատասխան Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Պինկի Իրանի եւ Սէաուտական Արաբիոյ միջև յարաբերութիւններու աշխուժացման նախաձեռնութեան, մեկնելով նաեւ բարիդրացիութեան սկզբունքէն եւ տարաձայնութիւնները երկխօսութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ լուծելու երկու երկիրներու փափաքէն, հիմնուելով եղբայրական կապերուն վրայ եւ հաւատարիմ մնալով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն եւ նպատակներուն, իրանեան պատուիրակութիւնը՝ Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի գլխաւորութեամբ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակութիւնը՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մուսաաէտ պըն Մուհամմէտ ալ-Այպանի գլխաւորութեամբ, Փիքինի մէջ 6֊10 Մարտին բանակցութիւններ վարեցին»։ Եռակողմ յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ բանակցութիւններու արդիւնքով Իրան եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնած են վերսկսիլ դիւանագիտական ​​յարաբերությունները, վերաբանալ դեսպանատուները երկու ամսուան ընթացքին։

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկային պիտի հանդիպին այս որոշումը կեանքի կոչելու, հարկ եղած համաձայնութիւնները կնքելու եւ դեսպաններ ճշդելու համար։ Յայտարարութիւնը կը հաստատէ երկու երկիրներուն յարգանքը միմեանց ինքնիշխանութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու գծով՝ 2001-ին իրենց միջեւ ստորագրուած ապահովութեան ոլորտի համագործակցութեան համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ 1998-ին կնքուած առեւտրատնտեսական համաձայնութեան լոյսին տակ։