Որքան տագնապալի էր  ահռելի ցնցումէն եւ պոռչտուքներէն արթննալը։
6 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 4։15-ին սոսկալի երկրաշարժ մը պատահեցաւ Սուրիոյ մէջ։
Այդ պահուն միայն կը լսուէր ժողովուրդին զԱստուած կանչելու ձայնը, բոլորը դուրս կու գային տուներէն իրենց հոգիները ազատելու։
Որքան դժուար է այդ պատկերը բացատրել գրութեամբ. ժողովուրդին վախը, ծերերուն ուժասպառ վիճակը եւ փոքրիկներուն լացը։
Թէեւ կ’անձրեւէր, բայց ժողովուրդը կը դիմագրաւէր այդ ցուրտը իր կեանքը ազատելու գնով։
Որքան աղէտալի էր տեսնել փլատակ տուներ, վիրաւորներ եւ քարերուն տակ մնացած դիակներ։ Այդ բոլորը տեսնելով միայն հասկցայ, որ աշխարհի մէջ ոչ մէկ բան հոգիէդ աւելի արժէք ունի։
Երկու ահաւոր երկրաշարժներէ ետք, երբ պատահեցաւ երրորդը, ժողովուրդը ապաստան գտաւ՝ եկեղեցիները, ակումբի սրահները եւ դպրոցները։ Ժողովուրդը իրար մօտ գալով կը մխիթարուէր, հաւաքական կեցութիւնը ուժ կը ներշնչէր:
Իսկապէս պարծանք զգացի, երբ տեսայ ակումբի տղոց ժողովուրդը հիւրընկալելու միասնակամ աշխատանքը:
Թէկուզ վիրաւոր, բայց տակաւին օրհնուած երկիր եւ ժողովուրդ ենք։
Այս է կեանքը, պայքար է, որ կը շարունակուի իր լաւ ու վատ օրերով։ Կարեւորը չյանձնուիլն է։
Ժէնի Մխսեան