Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 2 Մարտին տեղի ունեցաւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահզազեան, ՀՊՄՀ նախագահ Սրբուհի Գէորգեան, նոյն համալսարանի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար Էտկար Յովհաննիսեան եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:

«Այն ժողովուրդի ժառանգները, որոնք պատերազմի, սովի, անձեւ քաոսի պայմաններու մէջ 1918 թուականին անկախ հանրապետութիւն կերտեցին, նոյն ոգիով ալ 1988 թուականին ազգային շարժում սկսան: Այս ամէնը փաստեց, որ նպատակը կ՛ուրուագծէ պատմական հոլովոյթի ընթացքը: Գրեթէ մէկ միլիոն մարդ «Ազատութեան» հրապարակը կը հաւաքուէր «Միացո՛ւմ» կոչի ներքեւ` հաւատարիմ ազատ ու անկախ ապրելու իր մեծ նպատակին, ինչպէս եւ` Միացեալ Հայաստանի համար պայքարի պատրաստակամութեան: Այսօրուան գիտաժողովի ուղերձը անգամ մը եւս կը հաւաստիացնէ, որ հայոց պետականութիւնը անխաթար պահելու, օրուան իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը ծրագրելու գործընթացին ելակէտը պէտք է ըլլայ ժողովուրդին իտէալը», նշեց Ռուզան Առաքելեան:

Զեկուցումներով հանդէս եկան` դոկտոր Ռուպինա Փիրումեան (Միացեալ Նահանգներ), կրթական վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան), փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան, դոցենտ Էտկար Յովհաննիսեան, փրոֆ. Էտիկ Մինասեան, Կարէն Խանլարեան, փրոֆ. Սամուէլ Պօղոսեան, փրոֆ. Աւետիս Յարութիւնեան, դոցենտ Հայկ Գրիգորեան, Վարդան Դեւրիկեան, փրոֆ. Աշոտ Գալստեան, փրոֆ. Վազգէն Համբարձումեան, Մարիամ Յովսէփեան, փրոֆ. Դաւիթ Գասպարեան, փրոֆ. Ռիմա Միրումեան, Մարգարիտ Խաչատրեան եւ Արմէն Կարապետեան:

Աւելցնենք, որ գիտաժողովի մասնակիցներուն զեկուցումները պիտի զետեղուին յառաջիկային տպագրուելիք գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուին մէջ: