Դամասկոսի մէջ Իրաքի դեսպանատան գործակատարը յայտնեց, թէ Իրաքի Նախարարներու Խորհուրդին ենթակայ ժողովրդական խորհուրդը 500 պատրաստ տնակ պիտի տրամադրէ Հալէպի մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն։
Խորհուրդը նաեւ Ռամատանի ամսուան ընթացքին օրական դրութեամբ 50. 000 պարէնային կողով պիտի տրամադրէ երկրաշարժէն տուժած ընտանիքներուն։