Այսօր երեկոյեան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուա։
Միսկուայի միջազգային Ֆնոքովա օդակայանին մէջ նախագահը ընդունեց նախագահ Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայէլ Պոկտանովը, արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Եֆիմովը, Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանն ու Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար ալ-Ճաաֆարին։

Սուրիոյ նախագահին կ՚ընկերակցէր նախարարական պատուիրակութիւն մը։