Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի երկրաշարժէն վերջ Միջին Արեւելքէն դուրս պաշտօնական առաջին այցելութիւնը եղաւ Ռուսիա:
Նախագահը նախ այցելեց անյայտ զինուորին շիրիմը: Այցելութիւն մը, որ վեր կ’առնէր հայրենիքի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը յատկապէս նախագահի մը կողմէ, որուն երկիրը աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը դիմագրաւէ պատերազմն ու երկրի մասնատման ուղղուած տարբեր ուժերու նկրտումները:
Նախագահ Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ նախագահը շեշտը կը դնէր գլխաւորաբար Ռուսիա-Սուրիա բազմաշերտ, յատկապէս տնտեսական, յարաբերութիւններու զարգացման, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման համար Ռուսիոյ հաստատ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն ետք Ռուսիոյ ցուցաբերած օժանդակութեան վրայ:
Սուրիոյ նախագահը կը շեշտէր, որ թէեւ Սուրիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները արագ կշռոյթով կը զարգանան, սակայն միջազգային գետնի վրայ արձանագրուող փոփոխութիւնները կը պահանջեն մշտական հանդիպումներ, որպէսզի համադրուին այս փուլին առնչուող երկու երկիրներուն քաղաքական պատկերացումները:
Իսկ ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան տարածաշրջանին մէջ…
Քաղաքական բեմի վրայ մէկ կողմէ Չինաստան կը փորձէ կարգաւորել Սէուտական Արաբիա-Իրան յարաբերութիւնները, միւս կողմէ Ռուսիա աշխատանք կը տանի իր միջնորդութեամբ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ենթահողը պատրաստելու:
Նախագահներ Փութին-Ասատ հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ նախագահին խօսքը թէ Սուրիոյ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը երախտապարտ են Ռուսիոյ՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը յարգող իր կեցուածքներուն համար, յստակօրէն կը ցոլացնէր Սուրիոյ այն մօտեցումը, որ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապատրաստման առաջնային պայմանը թրքական ուժերուն սուրիական հողերէն դուրս գալն ու երկրի ներքին հարցերուն չմիջամտելն է:
Վերջին օրերուն լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրին Մոսկուայի միջնորդութեամբ Սուրիա-Թուրքիա-Իրան-Ռուսիա քառեակին հանդիպման հաւանականութիւնը՝ 15-16 Մարտին, Մոսկուայի մէջ:
Կը թուի, թէ նախագահ Ասատի հանդիպումն ու զրոյցը Ռուսիոյ նախագահին հետ պիտի ընդգրկէ այս օրակարգին տարբեր կողմերու քննարկումը, այնպէս ինչպէս ռուս-սուրիական գործակցութեան զարգացումը տարածաշրջանի տարբեր հարցերու լուծման ի խնդիր:
Արաբական Ծոցի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ տնտեսական թէ քաղաքական ներկայութեան զարգացումը բնականաբար դրականօրէն պիտի անդրադառնայ Սուրիոյ վրայ՝ վերականգնելու Սուրիոյ քաղաքական-դիւանագիտական յարաբերութիւնները մէկ կողմէ, երկրի տնտեսութիւնը միւս կողմէ, միեւնոյն ատեն նպաստելով երկրաշարժի հետեւանքներու յաղթահարման:
Սուրիոյ համբերատար դիւանագիտութիւնը կը թուի յաղթահարած ըլլալ երկիրը մեկուսացնելու տարբեր ուժերու նկրտումները: Արաբական երկիրներու Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճիգերը երկրաշարժին յաջորդող օրերուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ռազմավարական դաշնակից Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորումը բարերար դեր կրնան ունենալ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ու Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դերին ու տնտեսութեան  վերականգնումին մէջ:
Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի երկիրներուն մէջ Չինաստանն ու Ռուսիան տագնապները եւ յարձակողապաշտ մօտեցումները մեղմացնելու եւ տարբեր ուղղութիւններով գործակցութեան առանցքներ ստեղծելու աշխատանքի լծուած են՝ վերջ տալու աշխարհի միաբեւեռ կառավարման նկրտումներուն եւ իրենց ներկայութեան ազդեցութիւնը ընդլայնելու: