Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ին, Քրեմլին հրապարակեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Պենկի միացեալ գագաթնաժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ. «Ռուսիա եւ Չինաստան կը շեշտեն Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։ Երկու երկիրները աշխատանք կը տանին Սուրիոյ տագնապի քաղաքական ամբողջական կարգաւորման համար Կարգաւորում, որ կեանքի պիտի կոչուի բացառաբար սուրիացիներու ջանքերով»։