Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։

Նախագահը Խարազիին հետ քննարկեց մտաւորականութեան առնչուող եւ քաղաքական հարցեր, համաշխարհային գետնի վրայ արձանագրուող փոփոխութիւններ եւ զարգացումներ, ինքնութիւն-պատկանելիութիւն-կրօնք յղացքին վերաբերող երեւոյթներ։

Այս առիթով նախագահ Ասատ յայտնեց, որ համաշխարային մակարդակի վրայ սրընթաց փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան, հետեւաբար բնական է, որ մեր երկիրները եւս որոշ վնասներ կրեն, սակայն այս փոփոխութիւններուն արդիւնքները ի նպաստ մեզի պիտի ըլլան՝ շնորհիւ մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն պայքարին ու դիմադրողականութեան, ինչպէս նաեւ արեւմուտքի, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու սխալ քաղաքականութեան եւ պատկերացումներուն որպէս արդիւնք։