«Արտայայտութիւն, մտածելակերպ, բայց յատկապէս զգայնութիւնը, որ հոն բառերով մարմնաւորուեր են իսկապէս անսովոր է, ուժգին եւ կրքոտ: 31 տարի յապաղած պրաւօ»:
Խաչիկ Թէօլէօլեանը գրեր էր ասիկա քանի մը օր առաջ, 1991-ին «Բագին»-ի մէջ հրատարակուած հին քերթուածներէս մէկը կարդալէ ետք:
Իր խօսքը անշուշտ ուրախութիւն պատճառեց, բայց տխրութեան քօղով պատուած ուրախութիւն մը, 31 տարի յապաղած գնահատանքի մը համար:
Ասիկա ինծի շատ կարեւոր հարցադրումի մը առջեւ դրաւ՝ որքա՞ն կարեւոր են գրախօսութիւնն ու գրադատութիւնը նոր լոյս տեսած գիրքի մը, բայց մանաւանդ հեղինակի մը առաջին գիրքին առիթով:
Կ’ըսուի թէ որեւէ հեղինակ միայն երկու լաւ գործ կ’ունենայ՝ իր առաջին հրատարակութիւնն ու տակաւին չգրուած երկը: Երկրորդին համար ոչինչ կրնանք ըսել, բայց առաջինը …
Երբ երիտասարդ մը գիրքով կը յայտնուի, կարծէք ինքն իրեն յանձնառութիւն տուած կ’ըլլայ լրջութեամբ շարունակելու այս դժուար, խճողուած ու երբեմն անելանելի ուղին: Իր առաջին քայլերուն մէջ, ինչպէս երեխայի մը առաջին քայլերուն, իր շուրջ կը գտնէ զինք քաջալերող, իրեն նեցուկ կանգնող եւ կարեւոր խրատներ տուող մարդիկ, կամ գոնէ մէկը: Կարեւոր չէ որ այդ երիտասարդը անսայ իրեն տրուած բոլոր խրատներուն, բայց անոնք ուղենիշեր կը դառնան իրեն համար, ուղենիշեր, որոնցմով կրնայ կողմնորոշուիլ, հետագային առնելիք իր քայլերուն ուղին ճշդել:
Մինչեւ հոս, որ խորքին մէջ միայն տեսական է ըսուածը, ամէն բան լաւ կը թուի: Իրականութեան մէջ սակայն այս բոլորը այնքան տարբերակներ ունին, որ նորելուկ գրողը կրնայ շփոթի մատնուիլ, ուղին կորսնցնել, կամ ամբողջովին ձեռք քաշել այս «գործ»-էն:
Առաջին տարբերակը այն է, որ նոր լոյս տեսած գիրք մը ամբողջովին լռութեան մատնուի: Ասիկա ամէնէն ցաւալի երեւոյթն է, որովհետեւ հեղինակը, ո՛վ որ ալ ըլլայ, որ իր ամբողջ կարելին դրած է հոն, կը սպասէ գալիք խօսքի մը, որեւէ խօսքի, ընդհանրապէս ո՛չ թէ գովասանք սպասելով, այլ պարզապէս գիտնալու համար թէ ինք ո՛ւր կը կենայ, եւ դէպի ո՛ւր կրնայ ուղղուիլ:
Ասիկա շատ կարեւոր է: Կը յիշեմ մեր յայտնի երէց մտաւորականներէն մէկը, որ նորելուկ երիտասարդի մը քերթուածներու առաջին հատորիկին առիթով խրատ տուած էր անոր ձգել բանաստեղծութիւնը եւ հետեւիլ բանասիրութեան: Այսօր այդ երիտասարդը մեր լաւագոյն բանասէրներէն մէկն է, որովհետեւ երէց մտաւորականին խրատը՝ սրտցաւօրէն եւ ամբողջ գուրգուրանքով ըսուած, արձագանգ գտեր էր իր ստեղծագործ հոգիին մէջ:
Եթէ այդ երիտասարդին առաջին գիրքը լռութեան մատնուէր, թերեւս ինք, ստեղծագործողի յամառութեամբ շարունակէր բանաստեղծել, եւ այսօր մենք չէինք ունենար ծանրակշիռ մտաւորական-բանասէր մը:
Երկրորդ տարբերակը անհիմն գովասանքն է կամ ներբողը: Գրագէտները, մասնաւորաբար բանաստեղծները ընդհանրապէս պահած կ’ըլլան իրենց մանուկի հոգին, կամ գոնէ մաս մը անկէ. եւ ինչպէս որ մանուկ մը, երբ անարդարօրէն պատժես, բուռն կերպով կը բողոքէ, մինչ երբ արդար ըլլայ տրուած պատիժը, սուս ու փուս կը կրէ, ճիշդ այդպէս ալ երբ ներբողը անտեղի ըլլայ, կրնայ խանգարել երիտասարդին ներքին հաւասարակշռութիւնը, մանաւանդ երբ որոշ չափով գիտակից է իր ըրածին. հետեւաբար  կա՛մ պիտի մտածէ՝ «Սա մարդը բան չի հասկնար կ’երեւի», կա՛մ պիտի համոզէ ինքզինք՝ «Ուրեմն ես տաղանդ մըն եմ եւ լուր չունի՞մ»: Երկու պարագաներուն ալ հետեւանքը կրնայ տխուր ըլլալ. առաջին պարագային պիտի կորսնցնէ իր վստահութիւնը երէց գրողի մը կամ ընդհանրապէս երէց գրողներուն հանդէպ. երկրորդ պարագային՝ իր մէջ պիտի ծնի այնպիսի սնափառութիւն մը, որ միայն կրնայ արգելք ըլլալ իր աճումին, որպէս գրագէտ:
Երրորդը՝ ճիշդ կերպով եղած եւ հիմնաւորուած գրադատութիւնն է, որ հեռու է քննադատութիւն ըլլալէ, որովհետեւ ոչ թէ անպայմանօրէն սխալներ գտնելու կը միտի, այլ ուղղելու, նորելուկին համար նոր ուղիներ յայտնաբերելու ձեւեր կը յուշէ:
Առաջին երկու տեսակները՝ բացարձակ լռութիւն թէ շռայլ ներբող, փառք Աստուծոյ, շատ ունինք մեր մէջ, Սփիւռքի հեռաւոր անկիւններէն մինչեւ Հայաստան: Երրորդն է որ կը պակսի մեզի, չեմ հասկնար ինչո՛ւ: Ունինք հմուտ գրագէտներ, ունինք շատ լաւ բանաստեղծներ, որոնք յաճախ երկրորդական վարժարանի մը կամ համալսարանի դասախօսներ են: Ինչո՞ւ ուրեմն չեն ուզեր այս կարեւոր աշխատանքը տանիլ. Ժամանա՞կ չունին, սի՞րտ չունին, թէ՞ աւելորդ կը գտնեն նման որեւէ աշխատանք, համոզուած որ երիտասարդները մի՛շտ իրենց ուզածը կը լսեն: Անշո՛ւշտ երիտասարդները իրենց ուզածը պիտի լսեն եւ շարժին ըստ իրենց համոզումին. բայց ըսուածին մասին վստահ եմ որ կը մտածեն, եւ իրենց կեանքի ընթացքին այդ ըսուածները, եթէ արդար են եւ ճիշդ, պիտի յիշեն:
Բայց պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ շատ ծանր պատասխանատուութիւն է ասիկա, եւ շատ ցաւոտ, որովհետեւ մարդիկ հակուած են անմիջապէս հարցերը անհատականացնելու՝ «Պարզ է որ այդպէս պիտի գրէր, զիս չի՛ սիրեր», «Նախանձէն կը մեռնի կոր» կամ այլ անհեթեթ պատճառաբանութիւններ տեսնելով հոն, ուր միայն գրականութեան սէրը եւ նորերուն բարօրութիւնը մղած են գրիչ շարժելու ոչ թէ մէկու մը դէմ, այլ այդ մէկուն համար:
Ծայրէ ի ծայր կարդալ նոր լոյս տեսած գիրք մը, մտածել տողերուն մասին, փորձել տեսնել թէ երիտասարդ գրողը ի՛նչ կ’ուզէ ընել, ինչպէ՛ս կը դիտէ շրջապատն ու լեզուն, որով կ’արտայայտուի … յետոյ միայն գրել այդ մասին: Համբերատար, երկար աշխատանք, որուն շատ երէց գրողներ պատրաստ չեն:
Գրիգոր Շահինեան, «Ահեկան» հանդէսին մէջ գլուխ մը բացած էր «Գրահանդէս» խորագրով, «Որովհետեւ գրադատութիւն բառը, իր դատել արմատով, շատ չեմ սիրեր, ժխտական կը գտնեմ» ըսած էր:
Նոյն տեղը Շահինեան շատ լաւ նշում մը կ’ընէ խօսելով այդ օրերուն Պէյրութի մէջ առկայ գրական չորս մրցանակներու մասին եւ կ’ըսէ.
«Պէյրութը դարձաւ նաեւ Սփիւռքի գրականութեան գնահատող միտքը»:
Խօսելով նորերուն մասին, կ’ըսէ՝ «Շատ գրուեցաւ անոնց մասին եւ շատ լաւ բան ըսուեցաւ. մենք յանձն կ’առնենք նաե՛ւ իրենց թերութիւններուն մասին խօսելու ապերախտ պարտականութիւնը: Պէտք է գիտնանք, իրենք եւ մենք, թէ ի՛նչ կը ներկայացնեն իսկապէս իբրեւ արժէք եւ թէ ի՛նչ բնոյթ ունի գրական մեր ներկան» (Ահեկան 1968, թիւ 3-4):
Տակաւին վերջերս այլ բանաստեղծ մը՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կը գրէր անձնական նամակով.
«Պիտի չհամարձակէի ըսել որ բանաստեղծութիւն կը գրեմ, եթէ Գրիգորը (Պլըտեան) գրածներս չվաւերացնէր որպէս այդպիսին։ Եւ եթէ դուն չգրէիր այն, ինչ որ բանաստեղծութեանս քաշողականութեան մասին վկայեց։ Գրելը շատ ենթակայական գոյութենականութեան մը արտայայտութեան փորձ է, յաջող, եթէ քանի մը հոգի կարենան հաղորդուիլ քերթուածի մը հետ եւ ուզեն հաղորդակցիլ հեղինակին հետ»։
Այսօր, երբ կարելի է ընթերցող նուաճել գրութիւնները դիմատետրին կամ այլ հարթակի մը վրայ դնելով, ոչ մէկ մտաւորականի միտքէն կ’անցնի ներկայացնել կամ գրախօսել ընկերային ցանցերուն վրայ երեւցած գրականութիւնը: Արդիւնքը այն կ’ըլլայ, որ գրողն ալ, ընթերցողն ալ յստակօրէն չեն տեսներ թէ ո՛ւր կը կենան եւ ուր կ’երթան: Ասիկա դրակա՞ն է թէ ոչ, դո՛ւք ըսէք:
Մարուշ Երամեան