Սուրիոյ մէջ Մարտ ամսուան ընթացքին կը յիշատակուին Ուսուցչաց եւ Մայրերու տօները՝ գարնանային ծաղկման եւ բնութեան զարթօնքին հետ միասին։ Մայր եւ ուսուցիչ. երկու անձնաւորութիւններ, որոնք կը կերտեն եւ կը ձեւաւորեն մարդ արարածը։
Արդարեւ, ՍՕԽ֊ ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը յատուկ ձեռնարկով մը յիշատակեց այս զոյգ տօները Կիրակի, 19 Մարտ2023-ի յետմիջօրէի ժամը 5։00-ին, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, թաղականութեան եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեանի։
Հանդիսավար Հուրի Փաշայեան- Սարգիսեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները, ապա յաջորդաբար հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետ Անի Սարգիսեանը եւ Շրջ. Վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեանը արաբերէն եւ հայերէն բացման խօսքերը ուղղելու։
Անոնք վեր առին մօր եւ ուսուցիչին դերը սերունդներու ազգային եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ եւ շեշտեցին անոնց գնահատանքի եւ երախտագիտութեան կարեւորութիւնը։ Մօր նուրուած ասմունքով հանդէս եկաւ Շուշան Պօղոսեան-Մատֆունէ, իսկ թիւթիչ իր ձայնով մօր նուիրուած երգ մը մեկնաբանեց Զարուկ Կարապետեանը։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը այս առիթով ըսաւ. «Հայ մայրը հոմանիշն է յաւիտենական արժէքներու եւ երկնատուր արժանիքներու: Հայ մայրը աղբիւրն է մեր զօրութեան եւ ներշնչարանը մեր պայքարին, իսկ հայ ուսուցիչը կը մնայ ազգային զարթօնքի հիմական միջոցներէն մէկը»։

Ապա ան շնորհաւորեց ներկայ մայրերն ու ուսուցիչները, բոլորին մաղթելով արեւշատ տարիներ եւ աղօթք բարձրաձնելով ի բարձրեալն Աստուած, որ փորձանքներէն հեռու պահէ երկիրը եւ խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին։
Հուսկ վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրեց հայ ուսուցիչները եւ ներկայ ամենատարեց մայրը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն