Երեքշաբթի, 21 Մարտին, Իրաքի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Խաժակ Վարդանեան Հալէպ իր ժամանումին առիթով «Գանձասար»-ի խմբագրատուն այցելեց։

Ծանօթանալով խմբագրակազմի աշխատանքին, տիար Վարդանեան խմբագիրին հետ զրուցեց Միջին Արեւելքի քաղաքական անցուդարձերուն եւ տեղւոյն հայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։

«Գանձասար» տիար Խաժակ Վարդանեանի հետ Իրաքի հայ համայնքին շուրջ հարցազրոյց մը ունեցաւ, զոր պիտի հրատարակուի թերթի յառաջիկայ համարով։

Խաժակ Վարդանեանին կ՚ընկերակցէր Բերիոյ Հայոց Թեմի քարոզչական մարմնի պատասխանատու տոքթ.Ռուբէն Գէորգեան։