Դուք բառարան զոհողութեան
Դուք մեղեդի Եդեմական
Միջոց կեանքի գոյատեւման
Դուք յարգարժան եւ յիշարժան
Անբաժան մաս մեր էութեան։ 
Ձեր ձեռքն օրհնեալ գութի թարգման
Դուք քաղցրաձայն, վիշտի դարման
Դուք աղ ու լոյս, մեր գանձարան
Երթով հարուստ, հերոսական
Դարձաք «Մենք»-ին համար պաշտպան։ 
Ո՜վ հայ մայրեր նուիրական
Ձեր կոչումով վաւերական
Բարեխօս էք աղօթական
Բիւր բարութեան հանդիսարան
Ձեզմով տուներ տաճարցան։ 
Մայրամուտ է մեր առօրեան
Երբ ձեր աղօթքն է բացական
Ձեր մաղթանքով ջերմ, շահեկան
Լուսապայծառ է մեր ներկան 
Եւ պատուաբեր մեր ապագան։ 
Զուարթ դէմքով յուսադրական
Կը շռայլէք սէր սրբազան 
Դուք հրաշքի խօսուն վկան
Երբ տագնապներ, սեւ օրեր կան
Սփոփիչ էք՝ ցաւակցական։ 
Սիրալիր էք՝ անանձնական
Առաքինի, ժիր, ժրաջան
Ծաղկազարդ էք եւ ծիածան։
Դուք տօնելի, միշտ աննման
Ողջոյն ձեզի որդիական։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան