Մայրս՝ Անայիսը, դուստրերէն մին է բազմազաւակ, բնիկ այնթապցի Արթին եւ Նեկտար Փաթանեաններու։ Հայրը պղնձագործութեամբ կը զբաղէր, իսկ մայրը` Նեկտար Շէօհմէլեան, Այնթապի ձեռագործներ աշխատելով թեւ ու թիկունք եղած էր ընտանիքին։
Մայրս յաճախ կը յիշէր մեծ մօրս ծննդեան թուականը` 1915-ը, ու կը շեշտէր, որ մեծ մայրս երբեք տեսած չէր իր հայրը, որբ աշխարհ եկած էր, ինչպէս Եղեռնի սերունդին մեծամասնութիւնը։
Ընտանիքը չքաւոր էր, այդ իսկ պատճառով, կարելիութիւն չունենալով կրթաթոշակ ապահովելու՝ մերժուած էր կարգ մը դպրոցներէ եւ ընդունուած աւետարանական դպրոց մը։ Երախտապարտ հոգի մը ունենալուն, մայրս մինչ օրս շնորհակալութեամբ կ’արտայայտուի այդ համայնքին մասին։
Արաբերէն լեզուի մէջ դժուարութիւն գտնելով ստիպուած էր հեռանալ ուսումնական կեանքէն եւ նետուիլ գործի ասպարէզ։ Սկիզբը բամպակի եւ կերպասի գործարաններ աշխատելով, հետագային դերձակութեան դասընթացքի հետեւած էր։ Տասնհինգ տարեկանին  արդէն ծանօթ դերձակուհի էր։
Մօտ 60 տարի օրն ի բուն աշխատելով  իր անձնական գործը զարգացուցած էր։ Քսանմէկամեայ քրոջս՝ Արմէնուհիին մահէն ետք, մայրս ալ նոյնը չէր, ընկճուած էր եւ հետզհետէ յաճախորդները կը ցրուէր։ Սակայն շրջան մը ետք աշխատանքի դիմեց հանրածանօթ դերձակ Կարպիսին մօտ։ Հոն սրտանց եւ հաւատարմաբար կ’աշխատէր, կարծէք իր գործատեղին ըլլար։ Երբեք գործէն չէր դժգոհեր, որովհետեւ համոզուած էր, որ առանց յոգնութեան վարձատրութիւն չկար։ «Հալալ է» արտայայտութիւնը շատ կը գործածէր: Մօրմէս ստացած բոլոր նուէրներս այլ արժէք ունէին, որովհետեւ աչքերուն լոյսը մաշեցնելով, հմուտ ձեռքերով վաստկած էր, գինը սուղ վճարած էր։
Հիմա իր մեծագոյն հարստութիւնը թոռնիկները կը սեպէ: Անոնց մասին ամէն խօսելուն պարծանքի զգացումը կը պատէ հոգին։ Երբ հարց կու տան իրեն, թէ մեծմամա՛, ի՛նչ  կ’ուզես նուիրենք քեզի, «Երբ գործի սկսիք, ձեր աշխատավարձով ապահոված նուէրը միայն կ’ընդունիմ», կը պատասխանէ։ Ան, իր այս խօսքով, աշխատանքը կ’իմաստաւորէ։
Մօրս ամենաշատ կրկնած խօսքը «Գործը սուրբ է» արտայայտութիւնն էր: Զինք կը նմանցնեմ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած առաքինի կնկան, որ«իր տան ճամբաները կը քննէ եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր» (Առակ.31.27):
Ան համոզուած է, որ կեանքիդ մէջ բանի մը տիրանալու համար գին պիտի վճարես: Հոգեւոր իր կեանքին մէջ անգամ  այս տրամաբանութիւնը կը տիրէ։ Մինչեւ օրս երբ լուրջ խնդրանք մը ունենայ, անվարան ծոմապահութեան կը դիմէ… կարծէք հայր Աստուած առանց այդ քայլին զինք պիտի չշնորհէր իր ցանկացածը։ Մեզ ալ ծոմապահութեան մղելով յաճախ կ’ըսէ. «Ծոմապահութիւնը Աստուծոյ դէմ խոնարհիլն է»։
Տնօրինել եւ տնտեսել լաւ գիտէ մայրս։ Կարիքի պահուն միշտ մէկ կողմ պահած «ատաղձ» մը երեւան կը հանէ։ Իր կարելիութեան սահմանին մէջ, լռութեամբ, բաժին կը հանէ նաեւ կարիքաւորներուն։ Մայրս, իրականութեան մէջ, չէր աշխատեր մեծ գումարներ վաստկելու, այլ՝ ինքնաբաւ ըլլալու համար։
Պատանութեանս օրերուն մեծ համակրանք ունէի հայերէնի ուսուցչուհիիս՝ Տիկ. Լալա Մինասեանին հանդէպ, որուն դասաւանդութիւնն ու բարեհամբոյր մօտեցումը իւրայատուկ կը համարէի: Հայերէնի պահուն մեր դէմ կանգնած կ’ըլլար ոչ միայն դասատու մը, այլ՝ գիտակից ու հասկացութիւն ցուցաբերող, գթարատ մայր մը։ Ինչ մեղքս պահեմ, իրեն պէս մայր ունենալ կը փափաքէի միշտ։
Այդ տարիներէն մինչեւ ամուսնութիւնս մօրս հանգամանքը ինծի համար շուքի տակ մնացած էր։ Ամուսնութենէս ետք, երբ հետեւեցայ մանկավարժական դասընթացքներու, դասախօսական շարքերու եւ ընթերցեցի զանազան գիրքեր, ուզեցի կատարեալ  մայր մը ըլլալ։ Ուժերս լարած էի, սակայն ջանքերս ի զուր էին, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին փորձառութեամբ համոզուեցայ, որ կատարեալ մայրեր չկան, կան իրենց ողջ կարելիութիւնները զաւակներուն ի սպաս դնող, զոհաբերող մայրեր։
Ամէն անգամ որ մայր բառը պատկերացնել կ’ուզէի,  մօրս սոսկ կռնակը կը տեսնէի… այո՛, կռնակը …ամբողջ կեանք մը կարի մեքենային ետեւն էր ան…դէմքը մեզի չէր ուղղեր։ Մինչդեռ որքան կարեւոր էր դէմ դիմաց զրուցելն ու երկար ժամանակ անցընելը, որոնցմէ զրկուած էի, ինչպէս մեզմէ շատեր եւ ինքզինքիս կը խղճայի յաճախ: Հասուն տարիքիս միայն հասկցայ, որ նոյն այդ կռնակը հօրս յենարանը դարձած էր, որպէսզի կանգուն մնայ մեր օճախը։ Մայրս հօրս հետ ձեռք-ձեռքի տուած, ճակտի քրտինքով իր ապրուստը վաստկած եւ չորս զաւակ պահած էր։ Նիւթականով ամուսնոյն օժանդակած էր, բայց երբեք զինք չէր թերագնահատած ու հայրս տան գլուխը ըլլալու հանգամանքը պահած էր տեւաբար։
Հիմա կը հասկնամ անոր զոհողութիւններն ու այս համարները կը յարմարցնեմ մօրս կերպարին՝ Առակ. (31.10-12) «Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։ Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է ու աւարի կարօտ չ’ըլլար»:
Ամուսնութենէս ետք, մօրենական տունէս զատուած ըլլալով, միշտ ալ գրկաբաց ընդունելութիւն գտած եմ ծնողքէս երբ տուն այցելած եմ։ Այդ տունը յոգնութեանս ատեն հանգստավայր է, հիւանդութեանս ատեն՝ բուժարան, նեղութեանս ատեն՝ ապաստանարան։
6 Փետրուարի երկրաշարժէն ի վեր մօրս մօտ կեցութիւն  հաստատած ենք ընտանեօք։ Ան վաղ առաւօտէն մինչեւ ուշ գիշեր մեզ կը սպասարկէ եւ յաճախ կը կրկնէ «տունը տուներնիդ է»: Գիշերները կը հսկէ ու  անպայման կը ստուգէ, թէ լաւապէս ծածկուա՞ծ եմ։  Չէ որ Մայր է …հոգատարութիւնը եւ խնամատարութիւնը բնազդները դարձած են։
Ու այս բոլորէն ետք, երբ հարց կու տամ մօրս, թէ ինչպէ՞ս կրնամ զինք հատուցանել իր կատարած զոհողութիւններուն համար։ Ան մեքենաբար կը պատասխանէ. «Դուն ալ զաւակներուդ նոյն ձեւով պիտի խնամես»:
Մայրս, ինչպէս բոլոր մայրերը, ոչ մէկ ակնկալութիւն ունի. նուիրումն է իր մայրական կոչումը:
Այս բոլորը կը պատմեմ խորհուրդ տալու նոր սերունդին, որ երբե՛ք չբաղդատեն իրենց մայրերը այլ մայրերու հետ։ Չթերագնահատէք զանոնք։ Անոնք Աստուծոյ կողմէ մեզի համար նշանակուած հրեշտակներ են, կը գուրգուրան եւ միայն ամենաբարին կը ցանկան մեզի։
Ուստի խիղճս հանգստացնելու եւ թերացումս սրբագրելու համար անգամ մըն ալ անցեալ կ’երթամ  եւ որպէս պատանի պատուելով մայրս կը կրկնեմ. «Անայիսը մամաս է»։ Հպարտ եղէ՛ք ձեր մայրերով:
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան