Սուրիոյ Երկրաշարժներու Ուսումնասիրման Ազգ. Կեդրոնը յայտնեց, որ այսօր՝ 24 Մարտին, առաւօտեան ժամը 8։00-էն 10։15 չորս երկրաշարժային թեթեւ յետցնցումներ երկրի հիւսիսային շրջանները հարուածեցին։

Կեդրոնը յայտնեց, որ առաջինը արձանագրուեցաւ ժամը 8։01-ին, 1,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ, Լաթաքիոյ հարաւարեւելեան շրջանը, 15 քմ. հեռաւորութեան վրայ։

Հալէպի հիւսիսարեւմտեան շրջանը արձանագրուեցաւ երկու յետցնցում, մէկը՝ 2,5 ռիխթըր ուժգնութեամբ، 91 քմ. հեռաւորութեան վրայ، իսկ միւսը՝ ժամը 12։08-ին, 94 քմ. հեռաւորութեան վրայ, 2,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ։

Չորրորդ յետցնցումը արձանագրուեցաւ Իտլիպի հիւսիսարեւմտեան կողմը, 61 քմ. հեռաւորութեան վրայ, 2 ռիխթըր ուժգնութեամբ, ժամը 10։15-ին։