Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ուրբաթ, 24 Մարտի առաւօտեան ժամը 8։00-էն սկսեալ Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն թռիչքները կը վերսկսին։

Նախարարութիւնը աւելցնելով ըսաւ, որ Իսրայէլի Չորեքշաբթի օրուան յարձակումին հետեւանքով օդակայանի վնասուած բաժինները նորոգուեցան, հետեւաբար օդանաւային ընկերութիւնները կը հրաւիրուին վերադասաւորելու Հալէպի օդակայանին միջոցով ճամբորդական իրենց ծրագիրներու ժամանակացոյցը։

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ նաեւ, որ օդակայանը պատրաստ է ընդունելու երկրաշարժէն տուժողներուն համար հասնող մարդասիրական օժանդակութիւններու օդանաւերը։