Դոկտ. Մուհամմէտ Րիֆաաթ Ալ Իմամ, Հալէպ, 2012, 292 էջ, Թրգմ. ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆ

՝՝ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ՝՝, Հուրի Ազէզեան, Հալէպ, 2012, 200 էջ

Հակառակ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին ու ընկերային խռովութիւններուն, Բերիոյ Հայոց թեմին հրատարակութեամբ լոյս տեսած են վերոգրեալ երկու հատորները: Առաջինին տպագրութեան ծախսը հոգացած է ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Գաբրիէլ Չէմպէրճեան ամոլը. իսկ երկրորդ հատորինը Մահսէրէճեան ընտանիք՝ ի յիշատակ Մանուէլ Մահսէրէճեանի:

Պատմաբան Դոկտ. Մուհամմէտ Րիֆաաթ Ալ Իմամ Եգիպսոսի մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու դերակատարութեան մասին հրատարակած է շարք մը պատմական ու վաւերագրական ուսումնասիրութիւններ, որոնք արաբախօս հասարակակութեան կը ծանօթացնեն հայերու բերած նպաստը Եգիպտոսի քաղաքական, վարչական, ընկերային, կրթական, առեւտրական եւ այլ մարզերու մէջ /տե՛սյ էջ 24-25/:

Այս հայերէն թարգմանութեան առիթով, հատորին արժէքը գնահատելով, Առաջնորդ Շահան Եպս. Սարգիսեան կ՛ըսէ.-
՝՝Արաբական աշխարհին մէջ հայկական ցեղասպանութեան քարոզչական աշխատանքները յարաբերաբար համեստ պատկեր կը ներկայացնեն եւ այս իմասով արաբերէն լեզուով հրապարակուած մասնագիտական թէ ժողովրդական ծանօթացման աշխատանքները յոյժ գնայատելի են՝՝ /էջ 9/:

Ապա, Սրբազանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ թարգմանիչ Հալէպահայ մտաւորական Դոկտ. Հուրի Ազէզեանին, որ Բերիոյ Հայոց թեմէն ներս թարգմանական զբաղումներու կողքին, ՝՝Աներեւակայելի խանդավառութեամբ ու եռամդով կը շարունակէ իր աշխատանքները՝՝ /էջ 10/:
Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան քննարկելով Դոկտ. Ալ իմամի աշխատասիրութիւնը, գովեստով կ՛արտայայտուի Ազէզեանի բծախնդիր թարգմանութեան.-
՝՝Կարելի է հաստատապէս պնդել, որ Դոկտ. Ալ Իմամ, այսօր էլ շնորհիւ Հալէպահայ հետազոտող-թարգմանիչին՝ Հուրի Ազէզեանի, հայ ընթերցողի սեղանին վրայ է դրել մի համապարփակ ու ծանրակշիռ աշխատութիւն հայկական հարցի ու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որը նոր խօսք է նաեւ առհասարակ շիջազգային ցեղասպանագիտութեան մէջ, եւ յաւակնում է Արեւելքի ժողովուրդներին սոյն խնդրին ծանօթացնելու գործում՝ լինելու լաւագոյն մենագրութիւններից մէկը՝՝ /էջ 17/:

Հեղինակը հատորը բաժնած է երեք գլուխներու եւ տուած է ամփոփ ծրագիրը քննարկած հարցերուն.-
Առաջին գլուխը՝ ՀԱՄԻՏԵԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ, 1878-1909՝՝ խորագրով, կը ներկայացնէ հայոց կացութիւնը Օսմանեան պետութեան մէջ, ՝՝ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝՝ անուանուած հայկական շրջաններու գրաւումէն սկսեալ, անցնելով հայկական իմացական զարթօնքը եւ հայկական քաղաքական ձգտումներուն ցայտումը, աւարտած Պերլինի վեհաժողովի վաղորդայնին Հայկական Հարցի միջազգայնացումով, պատճառ դառնալով հայերուն դէմ գործադրուած ջարդերուն՝ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի կողմէ: Ինչպէս նաեւ, այս գլուխին մէջ բացայայտուած են Հայ-Օսմանեան յարաբերութիւնները, մինչեւ Օսմանեան յեղածոխութեան ծագումը եւ Համիտեան կարգերու անկումը /էջ 31-38/:

Երկրորդ գլուխին մէջ՝ ՝՝ԻԹԹԻՀԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ, 1909-1918՝՝ խորագրով տրուած է թրքական ազգային ինքնութեան աճումն ու ցարգացումը, այն աստիճան, որ Իթթիհականները մղած էր թրքական կառոյցի համակարգէն մագրագործելու իր էութեամբ հայ ՝՝զարտուղի ցեղ՝՝ը: Այսպիսով, Իթթիհականները գործադրած էին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Եւս առաւել, այստեղ արծարծուած են նորագոյն պատմութեան առաջին Հայկական հանրապետութեան ծնունդը՝1918ին, եւ անոր ծնունդին ու զարգացման պայմանները, մինչեւ Իթթիհականներու վախճանը /էջ 87-146/:

Երրորդ գլուխին մէջ՝ ՝՝ՔԵՄԱԼԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ 1919-1923՝՝ խորագիրով, կը շարունակուի Քէմալականներու երեւումն ու թրքական ինքնութեան նուիրագործումը, եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայ ժողովուրդի գոյութեան պարագային: ինչպէս նաեւ, ուսումնասիրուած են Անատոլուի եւ Անդրկովկասի մէջ Քէմալականներուն մղած պատերազմները, Հայաստանի միացումը Համայնավար զանգուածին եւ 1923ին Լոզանի զոհասեղանին վրայ Հայկական Հարցին ահաբեկումը՝՝/էջ147-206/:

Հատորին յաւելուած բաժինը կը ներառէ նիւթերուն լուսաբանութեան քարտէսներ /էջ 209-234/, Հայկական Հարցի կարեւոր դէպքերու ցանկը /էջ 235-252/, հայ ականաւոր անձնաւորութիւններու հակիրճ կենսագրութիւնները /էջ 253-275/, մատենագիտական ցանկեր ու թարգմանութեան ընթացքին օգտագործուած աղբիւրներ /էջ 277-285/: Նաեւ վերջաւորութեան զետեղուած է Հուրի Ազէզեանի կենսագրականը, անոր հրատարակած ու հրատարակելի գիրքերուն ցանկը:

Դոկտ. Մուհամմէտ Րիֆաաթ Ալ իմամի պատմագիտական-փաստագրական այս հատորին տպագրութիւնը հաւապօրէն իր դերը պիտի ունենայ Հայկական Հարցին ու ցեղասպանութեան առաւել լուսաբանութեան եւ արդար լուծումին համար:

*****************

Երկրորդ հատորը հեղինակութիւնն է Դոկտ. Հուրի Ազէզեանի, որ 1991-2009 տարիներու միչոցին հայ մամուլի մէջ ստորագրած գրութիւնները ի մի հաւաքած եւ լոյս ընծայած է հրապարախօսական ընտրանի մը՝ ՝՝ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ՝՝ վերտառութեամբ:

Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային, կրօնական, հասարակական, մշակութային ու գրական ծիրէն ներս հանրայայտ անձնաւորութիւն է Հուրի Ազէզեան: Անոր ունեցած վարչական, կազմակերպչական կարողութիւնները եւ գիտական- ուսումնական արժանիքները գնահատելով, Առաջնորդ Շահան Սրբազան կը վկայէ.-
՝՝Ան կարեւոր ներդրում ունի թեմի ընկերային ծառայութեան խորհուրդի, Միջ-Եկեղեցական յարաբերութեան, Ազգային իշխանութեան քաղաքական ժողովի եւ բազմաթիւ այլ մարմիններու մէջ՝՝:

Հուրի Ազէզեան հատորին բովանդակած նիւթերու ընտրութեան առնչութեամբ հետեւեալը կ՛ըսէ.-
ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ, տարբեր առիթներով եւ տարբեր մտահոգութիւններով գրուած յօդուածներն ու գրութիւնները, որոնք ընդհանրապէս միատարր են, ինչպէս երէկ, այսօր ալ բան մը կ՛ըսեն մեզի, երբ անոնց հասարակաց յայտարարը տագնապն է, որ կը խօսի ամէնուրէք, հայուն տագնապը, որուն համար հայը՝ ՝՝կրակէ ծովերը ճեղքող Վահագնի թոռն է …՝՝:

Ամբողջական այդ պարունակին մէջ, հայ կեանքին եւ անոր առօրեային, մեր ազգային ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան հետ առնչուած, իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք՝ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու որոշադրիչ հարցերը, շատ հեղ առանցքը կազմեցին նաեւ մեր մտածումներուն, որոնց փոքր մէկ ժողովածուն կը ներկայացնէ սոյն հատորը՝՝/ էջ 7/:

Գիրքը բաժնուած է երկու մասի.
ա. Մտածումներու արձագանգը կը բովանդակէ հեղինակին 18 խորհրդածութիւնները քննադատական, պատմական, կրօնա-բարոյական, կրթական եւ մշակոյթային նիւթերու մասին/էջ9-96/:

բ. Ունի երեք ենթագլուխ.
1– Յոյսի օր, ուխտի օր. Վեց գրութիւններ, որոնց առանցքը կը կազմեն իր տեսութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան, Փաստագրութեան ու պահանջատիրութեան վերաբերեալ /էջ 99-142/:
2–Ցաւ ի Սիրտ. Վեց յօդուածներու ընդմվջէն մեր ուշադրութեան կը յանձնէ երիտասարդութեան կողմէ իւրացուած ընկերային ու բարոյական այժմէական հարցեր /էջ143-166/:
3– Հայրենական. Նոյնպէս վեց դրուագներով մեզ մասնակից կը դարձնէ Հայաստանի մէջ հանդիպած անձերու, տեղական սովորութեանց եւ միջադէպերու նկատմամբ իր խորազգաց ապրումներն ու նկատառումները /էջ 167-191/:

Ընթեռնելի ու հաղորդականութիւն ունեցող հատոր մըն է ՝՝ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ՝՝: Բազմաշնորհ Դոկտ. Հուրի Ազէզեան հայրենասիրական ոգիով ու քրիստոնէական սիրով տոգորուած իր խոկումներէն շարք մը թուղթին յանձնած զգացումով, գիտակցութեամբ ու հոգեկան ներազդումով:

Յարութ Թոփճեան