Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2023-ին, Սուրիական Երկրաշարժներու Ազգային Կեդրոնը յայտնեց, որ երէկ՝ Կիրակի, 26 Մարտէն մինչեւ այսօր առաւօտեան ժամը 8:00, 18 թեթեւ յետցնցումային երկրաշարժ արձանագրուած է՝ 3,7 ռիխթըր ուժգնութենէ նուազ աստիճանով։ Յետցնցումնային երկրաշարժները տեղի ունեցած են հետեւեալ մանրամասնութեամբ.
-14 ցնցում՝ Իսկենտէրուն,
երկու ցնցում՝ Լաթաքիոյ հիւսիսարեւմտեան մրջանը, առաջինը՝ 28 ք.մ. եւ 29 ք.մ. խորութեամբ, իսկ երկրորդը՝ 2.6 ք.մ. եւ 3,3 ք.մ. խորութեամբ։
-Երկու ցնցում՝ Թուրքիոյ ցամաքային բաժինը։