Մեծ ուրախութեամբ ստացայ Կիրակնօրեայ դպրոցի վկայականս։ 10 տարիներու հունձքը քաղեցի։ Երախտապարտ եմ կրօնական ոգի ներշընչող, մեզ դաստիարակող անխոնջ ուսուցչուհիներուն, որոնց աչալուրջ հըսկողութեամբ լսեցինք կրօնական պատմութիւններ, սորվեցանք շարականներ եւ սաղմոսներ։ Շնորհակալ ենք, որ  մեր մէջ ցանեցիք Տիրոջ ջերմ սէրը, հաւատքը, յոյսը, ներողամտութիւնն ու անկեղծութիւնը։ Խորին շնորհակալութիւն մեր շատ սիրելի արժանապատիւ  Տ. Զարեհ քահանայ Շաքարեանին,  որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց լաւագոյն ձեւով մեզ դաստիարակելու համար, ինչպէս նաեւ  պտոյտներ եւ այցելութիւններ կազմակերպեց։
Աւարտական տպաւորիչ  հանդէսով մը բեմ բարձրացանք ու մեր ձիրքերն ու շնորհքները ներկայացուցինք հանդիսատեսներուն։ Հանդէսի ընթացքին մեծապէս ոգեւորուեցանք Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի ներկայութեամբ։ Ան մեծ հաճոյքով մասնակից  դարձաւ մեր արտասանած սաղմոսներուն, երգած շարականներուն, իսկ երբ իր սրտի խօսքը ուղղեց, շատ տպաւորիչ օրինակ մը տուաւ իր աշակերտական տարիներէն, երբ վեհափառ հայրը իրենց այցելելով ըսած էր. «Որքան ալ վկայականներ ստանաք, մի՛ ըսէք գիտեմ, այլ աշակերտեցէ՛ք, միշտ սորվեցէ՛ք, ապա սորվեցուցէ՛ք, եւ երբ կ’ուզէք լաւ մարդ ըլլալ, ըսէք կ’ուզեմ աշակերտ ըլլալ»։
Կը խոստանամ  լաւ աշակերտ ըլլալ, սորվիլ եւ սորվեցնել ուրիշներուն։
Սելա Աստարճեան