Ընթերցումներէս մէկուն ընթացքին ծանօթացայ գրող Արամ Հայկազին: Ան ծնած է Շապին Գարահիսար։ Բուն անունն է Արամ Արսէն Չեքեմեան։
Ան 21 տարեկանին ԱՄՆ գաղթելով կը սկսի գրել եւ հրապարակել իր յուշերը այն ջարդերուն մասին, որոնց զոհ գացած էին իր հայրն ու եղբայրները (որոնցմէ իրմէ երկու տարի մեծ եղբօր՝ Հայկազին անունը ժառանգած է իբրեւ իր գրական անունը)։
Զուարթախոհութեան զգացումը, որ տիրապետող է իր պատմուածքներուն մէջ, նոր եւ թարմ շունչ մը տուած է սփիւռքահայ գրականութեան։
Ներկայիս կը կարդամ անոր «Երջանկութիւն» գիրքը։ Ամէն առտու ընթերցելէ ետք կ’անդրադառնամ, որ նոր դաս մը քաղած եմ ու ըմբռնած երջանկութեան կարեւորութիւնը։ Թէ որքա՜ն դիւրին է կեանքը լիացնել ուրախ դէպքերով, ապրիլ բարօր կեանք մը ու վայելել իւրաքանչիւր պահ։
Գիրքին առաջին բաժինին մէջ ուշագրաւ հեքիաթ մը յուզեց զիս.
Անցորդ մը, անծանօթ գիւղի մը մէջ կ’երթայ կայարանին մօտ գտնուող գերեզմանատունը։ Կարդալով դամբանաքարերուն արձանագրութիւնները կ’ապշի, տեսնելով, որ այդ գիւղի մարդիկ շատ կարճ կ’ապրին… երկու տարի, չորս տարի, ութ շաբաթ, չորս օր եւ այլն։ Բացատրութիւն մը գտնելու ակնկալութեամբ կը հարցուփորձէ գերեզմանապահը։ Ան կը պատասխանէ, թէ քարերուն վրայ արձանագրուած օրերուն կամ տարիներուն թիւը որեւէ՛ կապ չունի քարերուն տակ պառկած յաւիտենական քունով ննջողներուն տարիքին հետ։ Այդ թիւերը մեռնողներուն ապրած երջանիկ օրերուն ընդհանուր գումարը կը ներկայացնեն։
Ուրեմն, եկէ՛ք իւրաքանչիւր օր որ կ’ապրինք, ապրինք ուրա՛խ, որովհետեւ գերեզմանի քարին վրայ արձանագրուած թիւը պիտի ներկայացնէ մեր ապրած ուրախ օրերը՝ մեր իսկական տարիքը։
Եսթեր Կիւլտալեան