ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 31 Մայիսին, Պոլսոյ Սամաթիա շրջանին մէջ պատահեցաւ դէպք մը, որ սարսափ եւ ցաւ պատճառեց, հարցականներու ճամբայ բանալով հայ համայնքին մօտ։ Սամաթիոյ մէջ ծանր յարձակում մը գործուեցաւ հայաստանցի Թումանեան ընտանիքին վրայ ու դաշունահարուեցաւ ընտանիքին մայրը։

Առաւօտուն, Անգինէ եւ Սարգիս Թումանեանները՝ ըստ սովորականին պատրաստուեցան Սահակեան-Նունեան վարժարան տանելու իրենց երկու զաւակները։ Նախաճաշէն ետք, հայրը՝ Սարգիս, առնելով 10ամեայ դուստրը եւ 6ամեայ որդին, դուրս ելաւ տունէն ու երեքը միասին սկսան քալելու դէպի վարժարանը։ Կարճ ժամանակ ետք, դրան զանգակը հնչեց, եւ Անգինէն, կարծելով, որ ամուսինը բան մը մոռցած էր՝ բացաւ դուռը եւ իր դիմաց տեսաւ դիմակաւոր երկու անձեր, որոնք ձեռնոցներ դրած էին ու դաշոյններ ունէին իրենց ձեռքերուն մէջ։ Առանց որեւէ բան ըսելու, յարձակողները սկսան դաշունահարելու Անգինէն ու գետին տապալեցին զայն։ Յարձակումէն ետք երկուքը միասին խոյս տուին տունէն՝ պոռալով. «Ասիկա միայն սկիզբն է»։

Բարեբախտաբար կարելի եղաւ Անգինէ Թումանեանը անմիջապէս տեղափոխել Սամաթիոյ պետական հիւանդանոցը, ուր ան վիրահատական գործողութեան ենթարկուեցաւ։ Ներկայիս անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար, բայց դարմանումը կը շարունակուի։

Դէպքը ցնցեց համայնքը։ Այս պատահարէն անմիջապէս տեղեակ պահուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, որ շուտափոյթ կերպով Թումանեաններու տունը ուղարկեց Զաքէոս Ծ. վարդապետը ու անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ստացաւ դէպքին մասին, ապա ան յանձնարարեց նաեւ, որ մամուլին լուր տայ պատահածին մասին։ Արամ սրբազանը հեռաձայնով կապ հաստատեց Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէնութեան հետ եւ պահանջեց, որ յանցագործները բացայայտուին ամենակարճ ժամանակի մէջ, որովհետեւ եղածը լուրջ պատահար մըն է իր բնոյթով ու կրնայ վտանգաւոր նախադէպ մը հանդիսանալ։ Ապահովութեան տնօրէնութիւնը խոստացաւ հետեւիլ հետաքննութեան ու պարզել յանցագործներուն ինքնութիւնը, զանոնք դատարան յանձնելու համար։

Արամ սրբազանը խօսեցաւ նաեւ Ֆաթիհի ապահովութեան տնօրէնին հետ եւ պահանջեց, որ բազմակողմանի հետաքննութիւն կատարուի՝ յանցագործները գտնելու համար։

Ուշագրաւ է, որ ատենէ մը ի վեր այս ընտանիքին բնակած տան արտաքին պատին վրայ սպառնական գրութիւններ գրուած էին։

Յիշենք նաեւ, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ Սամաթիոյ մէջ։ Քանի մը տարի առաջ եւս յարձակում մը գործուած էր Մարիձա Քիւչիւքեան անունով հայ կնոջ մը վրայ, որ իր տան մէջ սպաննուած էր։