Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ներկայացուցիչները հեռահար կապով քննարկում ունեցած են Արցախի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր 3 խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ:

«Հայաստան» խմբակցութենէն հանդիպումին մասնակցած են խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանն ու Արմէն Ռոստոմեան, իսկ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութենէն` խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիճանեանն ու քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան։

Արցախէն քննարկումին մասնակցած են Ազգային Ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան, «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեան, «Արցախի Ժողովրդավարական» խմբակցութեան քարտուղար Գեղամ Ստեփանեան, «Արցախի Ժողովրդավարական» կուսակցութեան նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան, խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան:

Քննարկումի առանցքը եղած է Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը, շրջափակման եւ նոր իրադրութիւններու հաւանականութեան պայմաններուն տակ կարելի ընելիքներուն ու ներդաշնակութեամբ գործելու հետ առնչուած հարցեր:

Քննարկուած է միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի հետ առնչուած ընելիքները առաւել համակարգուած ներկայացնելու, Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը համակողմանի ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` Արցախի դիրքորոշումը միջազգային հանրութեան համար ընկալելի դարձնելու կարեւորութիւնը:

Կողմերը համաձայնած են յառաջիկային շարունակել քաղաքական խորհրդակցութիւնները։