Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը։

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան։ Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, յարաբերական մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու ու փոքրիկներու խուռներամ բազմութիւն:

Ձիթենիի ճիւղերով յարդարուած եկեղեցւոյ մէջ հոծ բազմութեան եւ յատկապէս փոքրիկներուն խանդավառ ներկայութիւնը կ’արտացոլացնէր Քրիստոսի յաղթական մուտքի ժողովրդային ընդունելութեան պատկերը:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան:

Օրուան խորհուրդը արտայայտող շարականներու հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի։
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, ըսելով.«Այսօր ողջ աշխարհը ցնծութեան մէջ է, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ հաւաքուած կը տօնէ մեր հաւատքի հիմնադիրին՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի յաղթական Երուսաղէմ մուտքի յիշատակը, որուն ընթացքին աւետարանիչը գեղեցիկ պատումով կը ներկայացնէ մեզի իրողութիւնը, ըսելով որ ժողովուրդը հսկայ բազմութիւն կազմած, ուրախ թափօրով Տէրը կ’առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ, ոմանք իրենց ձեռքերուն մէջ ձիթենիի ճիւղեր բռնելով, ուրիշներ արմաւենիի ոստեր ճօճելով բարձրաղաղակ կը ձայնէին ըսելով. «Օրհնեալ ես Դուն, Դաւիթի Որդի, օրհնեալ ես Դուն, որ կու գաս Տիրոջ անունով, Ովսաննա՜ ի բարձունս»»:

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ իր մէջ կը բովանդակէ բազմաթիւ խորհուրդներ եւ պատգամներ, որոնց անդրադառնալով գիտակցութեան հրաւիրեց ժողովուրդը:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ երկնային տիեզերքի թագաւորը՝ Քրիստոս, խոնարհելով մարդկային տկար բնութիւնը կրեց եւ Երուսաղէմ մուտք գործեց նժոյգի փոխարէն աւանակի վրայ նստած, որովհետեւ ան եկած էր չարին ու սատանային դէմ պայքարելու եւ մեղանչական մարդը ազատագրելու մեղքի եւ մահուան տիրապետութենէն: Հետեւաբար, մենք եւս խոնարհութեան եւ Աստուծոյ խօսքի զէնքերուն կարիք ունինք՝ պայքարելու ոգեղէն էակներուն դէմ:
«Քրիստոս կ’իրականացնէ Զաքարիայի մարգարէութիւնը եւ միւս կողմէ կը հրաւիրէ մեզ իրեն հետեւելով մեր կեանքը հարստացնելու աստուածային շնորհքներով եւ առաքինութիւններով, մանաւանդ խոնարհութեան, սրբութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճամբով այդ յաղթանակը տանելու, որպէսզի կարենանք զՔրիստոս որպէս ճշմարիտ թագաւոր մեր սրտերուն մէջ ընդունիլ»:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ երկրորդ անհրաժեշտ առաքինութիւնը Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւնն է: Այնքան ատեն որ կառչած ենք Աստուծոյ խօսքին, հնազանդ ենք Աստուածաշունչի պատուիրաններուն եւ եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, ապա բոլոր խոչընդոտներն ու կապանքները կը քակուին եւ մեր աշխատանքները յաջողութեամբ կը պսակուին:

Երրորդ կարեւոր ճշմարտութիւններէն մէկը այն է, որ երբ Քրիստոս իր երկու աշակերտները կը ղրկէ էշն ու աւանակը արձակելու՝ քահանայական իշխանութիւն կու տայ անոնց: էշն ու աւանակը խորհրդանիշ են հրեայ եւ հեթանոս ժողովուրդին։ Հրեաները օրէնքի տառացի կատարումին կառչած ըլլալով չկրցան թափանցել աստուածային գիտութեան խորքը եւ դարձան ստրուկը օրինապաշտութեան եւ ծանրաբեռնուեցան ամէն տեսակ ձեւապաշտութեամբ, իսկ հեթանոսները, որոնք հեռանալով Աստուծմէ եւ շեղելով աստուածային ճշմարտութենէն, աշխարհիկ կիրքերուն եւ ցանկութիւններուն գերին դարձած կապանքուեցան եւ շղթայուեցան ամէն տեսակ մոլութիւններով։ Ատով հանդերձ սակայն, կը տեսնենք, որ Քրիստոս բոլորն ալ կը հրաւիրէ եւ բոլորն ալ կ՚ուզէ որ իրեն գան։ Քրիստոս ինք Աստուած ըլլալով, ամէն ինչ տուողը ըլլալով, իր խոնարհութենէն եւ մարդասիրութենէն մղուած կ՚ուզէ այդ երկուքը, այլ խօսքով իրմէ հեռացած բոլոր մարդոց կարիք ունի, ո՛չ թէ նիւթական կարիք, այլ անոնց հոգիներու փրկութեան կարիքն է որ կ՚ուզէ։ Հետեւաբար, այս իմաստով կու գայ այսօր ամբողջ աշխարհը դէպի իրեն հրաւիրելու, որպէսզի իրմով ազատագրուինք, սրբուինք, մաքրուինք, արդարանանք, վերականգնինք, վերահաստատուինք եւ յաղթականօրէն Աստուծոյ կամքին հնազանդելով եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ուղղուինք հոն, ուր ինք մեզ կ՚առաջնորդէ՝ դէպի վերին Երուսաղէմ, յաւիտենական կեանք, երկնաւոր թագաւորութիւն։
Պատարագի ընթացքին քահանան զղջումով եւ խոստովանութեամբ կ’արձակէ մեզ մեր մեղքերու կապանքներէն, որպէսզի ազատութեամբ ներկայանանք Քրիստոսի, անոր արիւնն ու մարմինը ճաշակենք եւ զինք ընդունինք մեր սրտերուն մէջ:

Անդրադառնալով ժողովուրդին հագուստներ փռելու արարքին, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ մեր հնազանդութեան ուխտը վերանորոգելու եւ մեր հոգիներու եւ սրտերու զգեստները փռելով անոր առջեւ ըսելու՝ եկուր Տէր եւ թագաւորէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի այնպէս ապրինք, որ դուն փառաւորուիս մեր մէջ:

Այս տօնին, մենք ալ մեր հոգեղէն ձեռքերուն մէջ բռնած խաղաղութիւն խորհրդանող ձիթենիի ճիւղերը եւ ճօճելով յաղթանակ խորհրդանշող արմաւենիի ոստերը, հաւատքի հասկացողութեամբ ըսենք. «Օրհնեալ ես Դո՛ւն, որ կու գաս Տիրոջ անունով»:
«Ովսաննա ի բարձունս» արտայայտութիւնը յայտարարութիւնն է, որ փրկութիւնը Աստուծմէ կու գայ: Քրիստոս եկաւ ապականած աշխարհին մէջ ստրուկ դարձած մարդը ազատագրելու:

Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ որպէս Աստուծոյ տաճար եւ երկնային քաղաք Քրիստոս գայ, մեր մէջ բնակի եւ իր կենդանի ներկայութեամբ մաքրէ եւ վերահաստատէ մեզ մեր հաւատքին մէջ։
Աւարտին, հաւատացեալները ձիթենիի օրհնուած ճիւղեր ստացան եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու։
Ապա, տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան թափօր, անդաստանի կարգ եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտական աւանդական տողանցք։