Այսօր միջօրէին, Սուրիոյ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Այման Սաուասի, Դամասկոսէն ճամբայ դէպի Մոսկուա, մասնակցելու Սուրիոյ, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։

Պատասխանելով ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին հարցումին, դոկտ. Սաուսան յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախ Ռուսիոյ եւ Իրանի պատուիրակութիւններուն հետ, 3 Ապրիլին, ապա 4 Ապրիլին պիտի մասնակցի քառեակի ժողովին։

Սաուսան աւելցնելով ըսաւ, որ սուրիական կողմը շեշտը պիտի դնէ սուրիական հողերէն թրքական զինեալ ուժերուն դուրսբերման, ահաբեկչութեան դէմ դնելուն եւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն օտար ուժերու չմիջամտելուն վրայ։

Աղբիւրին համաձայն, սուրիական պատուիրակութիւնը յետմիջօրէին հասաւ Մոսկուա, պատուիրակութիւնը դիմաւորող կողմին մաս կը կազմէր նաեւ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Պաշշար ալ-Ճաաֆարի։