Կիրակի, 3 Ապրիլ 2023-ին, Ռոյթըրզ հաղորդեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար իշխան Ֆայսալ պըն Ֆարհան Դամասկոս պիտի ժամանէ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատը արաբական գագաթնաժողովի յառաջիկայ նիստին մասնակցելու պաշտօնական հրաւէրը յանձնելու համար։

Աղբիւրը աւելցուց, որ արաբական գագաթնաժողովի յառաջիկայ նիստը պիտի գումարուի մայրաքաղաք Ռիատի մէջ, 19 Մայիս 2023-ին։