12 Դեկտեմբերէն սկսեալ Ատրպէյճան փակած ու անանց վիճակի մէջ պահած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը` Արցախի ողջ բնակչութիւնը ձգելով մարդկային բեռնափոխադրումներու յոյսին: Հարիւրաւոր արցախցիներ մնացած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ գրեթէ չորս ամիս է չեն կրնար վերադառնալ Արցախ՝ իրենց բնակավայր: Այս տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան։

Այսօր ռուս խաղաղապահները ՀՀ Գորիս քաղաքէն փորձած են Արցախ տեղափոխել թիւով 27 քաղաքացիներ (ներառեալ՝ մանուկներ, կիներ ու տարեցներ), սակայն Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի վրայ Շուշի քաղաքի մօտակայքը՝ ճանապարհի արգելափակուած բաժինին մէջ ատրպէյճանցիները արգիլած են երթեւեկային միջոցներու երթեւեկութիւնը: Տեղւոյն ատրպէյճանցիներու միջամտութեան պատճառով վատացած է մեր քաղաքացիներէն չորսի ինքնազգացողութիւնը, ռուս խաղաղապահները ապահոված են շտապ օգնութեան մեքենայի ժամանումը եւ նշեալ չորս քաղաքացիներու տեղափոխումը Ստեփանակերտի հիւանդանոց: Իսկ մնացածները ռուս խաղաղապահները հիմա կը վերադարձնեն քաղաք Գորիս, որովհետեւ երկարատեւ ու յամառ բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած։

Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհը բաց ըլլալու մասին պարբերաբար յայտարարող Ատրպէյճանը այսօր բացայայտօրէն արգիլած է արցախցիներուն մուտքը իրենց բնակավայր: Ատրպէյճանը լրիւ հակառակ մօտեցումն ցուցաբերած է Արցախէն Հայաստան մեկնողներու մասով, որ ուղղակիօրէն կը փաստէ Արցախէն հայերը հեռացնելու անոնց յանցաւոր վարքագիծն ու մտադրութիւնը: