4 Ապրիլին տեղի ունեցած է Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու հերթական կոպտագոյն խախտումը, որ ցոյց կու տայ Արցախի Հանրապետութիւնը (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն) աւելի քան 110 օր լիակատար շրջափակման մէջ պահող Ատրպէյճանի իրական նպատակները:

Ատրպէյճանական կողմը հրաժարած է թոյլ տալ Լաչինի միջանցքէն անցնիլ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ինքնաշարժները, որոնք կը տեղափոխէին շրջափակման հետեւանքով Հայաստանի մէջ մնացած եւ իրենց ընտանիքներուն հետ վերամիաւորվելու կարելիութենէն զրկուած Արցախի քաղաքացիները:

Լաչինի միջանցքի արգելափակուած բաժինին մէջ ատրպէյճանական կողմը կանգնեցուցած է մեքենաները եւ 5 ժամ շարունակ հոգեբանական ահաբեկման ենթարկած է անոնց մէջ գտնուողները՝ հիմնականօրէն կիները, երեխաները եւ տարեց մարդոց: Այնուհետեւ Ատրպէյճանը փորձ կատարած է մարդոց տառապանքները վերածել կեղծ մարդկային բեմադրութեան:

Տուեալ աղաղակող միջադէպը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները անցած են Արցախի ցեղային զտման եւ պատմական հայրենիքէն անոր ժողովուրդի վտարման իրենց յանցաւոր ծրագիրի յաջորդ փուլի իրագործման: Այս մտադրութիւններու մասին հրապարակաւ յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահը 10 Յունուար 2023-ին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ: Յետագային Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւնը բազմիցս կրկնած է այն սպառնալիքը, որ Արցախի բնակիչները պէտք է կամ ենթարկուին Ատրպէյճանի հայատեաց իշխանութիւններուն, կամ լքեն սեփական հայրենիքը:

Բացարձակ անպատժելիութեան պայմաններուն տակ Արցախի ժողովուրդի դէմ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող յանցաւոր գործողութիւնները առաւել սպառնալից բնոյթ եւ ծաւալներ կը ստանան։ Մարդու իրաւունքներու այդքան լուրջ ոտնահարումներուն հանդէպ միջազգային հանրութեան անգործութիւնը համազօր է լռելեայն հաւանութեան, եթէ ոչ յանցակցութեան պաշտօնական Պաքուի հակամարդկային գործողութիւններուն: Համապատասխան հովանաւոր եւ գործիքակազմ ունեցող ՄԱԿ ԱԽ կողմէն անյետաձգելի եւ վճռական միջոցներուն ձեռնարկումը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է ապօրինի շրջափակման անյապաղ դադրեցումին եւ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող յանցագործութիւններու կանխումին համար։