Չորեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան ներկայ գտնուեցաւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի աւանդական հաւկթախաղին, «Տիգրանեան» պարտէզէն ներս, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեանի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեանի։

Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։
Նախակրթարանի տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իր օրհնաբեր ներկայութեան եւ հայրական քաջալերանքին համար։

Գարնանային պայծառ առաւօտուն, նախակրթարանի Ծնողաց յանձնախումբին կողմէ Ս. Զատկուան աւանդական հաւկթախաղ եւ հաճելի խաղեր կազմակերպուեցան։
Սրբազան Հայրը անկեղծօրէն զրուցեց աշակերտներուն հետ, օրհնեց եւ գօտեպնդեց զանոնք, ապա աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ աւանդական հաւկթախաղ կատարեց՝ կիսելով անոնց ուրախութիւնը։

Մակար Սրբազան բարձրօրէն գնահատեց հոգաբարձութիւնը, տնօրէնուհին, ուսուցչական կազմն ու Ծնողաց յանձնախումբը, որոնք միասնաբար ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մեր զաւակներուն հոգեկանը բարձր պահելու եւ մեր ազգային-եկեղեցական արժէքները անոնց մէջ արմատաւորելու ի խնդիր։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նախակրթարանի անձնակազմը՝ Ս. Յարութեան տօնին ընդառաջ եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ բոլոր գործունէութիւնները յաջողութեամբ պսակուին։