Աւագ Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Յիսուս Քրիստոսի խոնարհութեան օրինակին հետեւելով, Ոտնլուայի կարգ կատարեց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեամբ:

Ոտնլուայի արարողութեան հոգեպարար շարականներուն եւ աստուածաշնչական ընթերցումներուն ընդմէջէն հաւատացեալներուն հոգիները աստուածային օրհնութեամբ ներշնչուեցան: Շարականներու հոգեթով երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի։
Սրբազան Հայրը սուրբ Խաչով եւ սուրբ Միւռոնով օրհնեց ջուրը եւ իւղը, ապա մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ եւ խոնարհութեան օրինակին հետեւելով, լուաց առաքեալները խորհրդանշող քահանային, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն ոտքերը:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն պարզաբանեց օրուան խորհուրդը, յայտնելով, որ Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով խոնարհութեան կենդանի օրինակ հանդիսացաւ, որովհետեւ միա՛յն խոնարհութեամբ կրնանք Աստուծոյ մօտենալ, Անոր հաճութիւնը շահիլ եւ Երկինքի Արքայութեան դռնէն ներս մտնել:
Ան նշեց, թէ այսօր Տիեզերքը ստեղծող Արարիչը մարդացած իր վիճակին մէջ կը խոնարհի եւ իր ձեռակերտերուն ոտքերը կը լուայ, բոլորը հրաւիրելով ծառայութեան։ Այլ խօսքով, Աստուծոյ զաւակները ըլլալու համար անհրաժեշտ է որ մեր անձերը ուրանանք, մեր եսը փշրենք եւ մեր նմաններուն ծառայենք, որուն նախապայմանը սէրն է: Հետեւաբար, անհրաժեշտ էր որ Քրիստոս ապականեալ, հպարտ եւ աշխարհով կլանուած մարդուն սիրտը բժշկէր՝ խոնարհութեան ճամբով:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այսօրուան խորհուրդին ընդմէջէն Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ քանի մը անհրաժեշտ յատկութիւններ՝ հեզութիւն, խոնարհութիւն, անշահախնդիր ծառայութիւն եւ անսահման սէր:

Այսօր, Ոտնլուայի արարողութեան ընդմէջէն կը հրաւիրուինք տեսնելու Քրիստոսը եւ զինք մեր մէջ ընդունելով նմանակից դառնալու Իրեն:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոս իր կեանքի ընթացքին երեք գեղեցիկ պատկերներով ժողովուրդը հրաւիրեց խոնարհութեան՝ Բեթղեհէմ անասուններու մսուրին մէջ ծնունդ առնելով, Ծաղկազարդին համեստ իշու վրայ նստած Երուսաղէմ մուտք գործելով եւ վերջին ընթրիքին իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով:
Ան յայտնեց, թէ չորս տարբեր տեսակի սէր գոյութիւն ունի՝ կիրքերու եւ ցանկութիւններու զգացումը՝ սեռը, ընտանեկան սէրը, ընկերասիրութիւնը եւ աստուածային մաքրամաքուր սէրը: Այսօրուան խորհուրդը կ’անդրադառնայ աստուածային մաքուր սիրոյն, որուն ճամբով միա՛յն կրնանք մեր եսը փշրել եւ խոնարհութեամբ ապրիլ:
Սրբազան Հայրը գնահատեց դպրաց դասի հոգեպարար երգեցողութիւնը եւ մաղթեց, որ Ոտնլուայի խորհուրդին ճամբով մենք զմեզ ինքնաքննութեան ենթարկենք, գիտնալու մեր թերութիւնները եւ սրբագրելու համար զանոնք:

Հաւատացեալները օրհնուած իւղ ստանալով, հոգեկան գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց տուները: