Այսօր, իսրայէլեան ուժեր թնդանօթներով ռմբակոծած են հարաւային Լիբանանի Կալիլա, Մաալիէ եւ Ուատի Զպքին աւանները, պատճառաբանելով որ հրթիռակոծուած են Պաղեստինի բռնագրաւեալ հողերու բնակավայրերը։

Միւս կողմէ, Լիբանանի Ազգային Լրատու Գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրետանին շարք մը ծանր արկեր արձակած է բռնագրաւեալ Պաղեստինի հիւսիսը գտնուող իր դիրքերէն, հարաւային Լիբանանի Տիր շրջանի Կալիլա եւ Մաալիա քաղաքներու ծայրամասեր: Գործակալութեան տուեալներով՝ տարածքը ականատես եղած է շարք մը «Կատեոշա» հրթիռներու արձակման, որոնք սկիզբ առած են արևմտեան հատուած գտնուող լիբանանեան տարածքէն՝ բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքներու հիւսիսը գտնուող իսրայէլեան բնակավայրերու ուղղութեամբ։