«Երկիր» – ԹԱՍՍ գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հրաւէրով, 6 Ապրիլի երեկոյեան ժամանած է Անգարա:
ԱԳ նախարարները կը քննարկեն կենսուժի, Ուքրանիոյ, ցորենի գործարքի, Անգարա-Դամասկոս երկխօսութեան, ինչպէս նաև Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը: