Ս. Յարութեան Պատգամ
———————————
Մի՞թէ կարելի է…
Շատեր կարծեցին եւ այդպէս ալ համոզուեցան, երբ իրենց առջեւ հեզ ու խոնարհ, լքուած, անպաշտպան ու մունջ մորթուելու տարուող մաքիի նման մարդացեալ Յիսուսը տեսան՝ անզօր, բոլորէն լքուած, ամէն տեսակ մեղադրանքներով ու զրպարտութիւններով մրոտուած ու թքոտուած եւ նենգութեամբ ալ զայն մահուան դատապարտեցին, իբրեւ օրինազանց, դաւաճան եւ մեղապարտ։
Ի՜նչ հոգեիմացական կուրութիւն. ի՜նչ խղճալի իրավիճակ։ Մի՞թէ կարելի է, ո՛վ մարդ, որ այդ աստիճան բարոյական անկում արձանագրես եւ չկրնաս ճանչնալ Փրկիչդ, չկրնաս հասկնալ ճշմարտութիւնը, չյաջողիս խոնարհիլ եւ արդարութիւնն ու իրաւունքը պաշտպանել։ Այլ ամենաբիրտ կերպով սիրտդ կարծրացուցած եւ խղճիդ վրայ ժայռ դրած՝ սեփական կիրքերէդ, ցանկութիւններէդ եւ շահերէդ մղուած՝ քեզ Արարողը մերժես, կենսատուն արհամարհես, Փրկիչդ ուրանաս, Ազատիչիդ այտերը կռփես, Քաւիչիդ երեսը թքով ծածկես, քեզ փառաւորողին գլուխը փշէ պսակ ամրացնես, քեզ ձեւակերպողին ձեռքերը ծակծկես եւ քեզ սիրողին, ներողին, օրհնողին ու բարին կամեցողին ատելութեամբ, թշնամութեամբ, անիծաբանութեամբ եւ չարութեամբ փոխանակես։ Այդ բոլորը ընելովդ թէեւ կարծեցիր ու կը կարծես վախ ու սարսափ ազդեցիր ու կ’ազդես, մահ ու սուգ սփռեցիր ու կը սփռես, բռնութիւն, ստրկութիւն, տրտմութիւն, տխրութիւն ու խաւար տարածեցիր ու կը տարածես, ինչպէս նաեւ՝ լռեցուցիր արդարութեան ձայնը, հողին տակ ծածկեցիր լոյսն ու կեանքը եւ ուստի, իրագործելով նենգ ծրագիրդ՝ յաջողեցար։
Բայց, մի՞թէ կարելի է…։
Այո՛, հարց կու տանք անգամ մը եւս, մի՞թէ Աստուած չխոստացաւ Մեսիան՝ փրկիչը ղրկել, որպէսզի իր ժողովուրդը ազատագրէ մեղքի ու մահուան ճիրաններէն։ Մի՞թէ Աստուած չխոստացաւ իր Որդին իբրեւ լոյս աշխարհ ղրկել, որպէսզի խաւարի մէջ նստողներուս վրայ ծագելով՝ մեզ դէպի լոյս առաջնորդէ։ Մի՞թէ Աստուած չխոստացաւ իր Միածինը աշխարհ ղրկել՝ իբրեւ անմեղ Գառնուկ, որպէսզի իր կենդանի պատարագումովը խաչափայտին վրայ, մեղքերու քաւութիւն շնորհէր եւ մարդկութիւնը ազատագրէր մեղքի ու մահուան յաւիտենական դատապարտութենէն։
Միթէ մարդացեալ Աստուածորդին հանգամանօրէն չյայտարարե՞ց, որ ինք է յարութիւնը եւ կեանքը, ուստի ով որ իրեն կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Միթէ մեր Տէրը չըսա՞ւ, որ ինք աշխարհ եկաւ, որպէսզի մենք կեանք ունենանք եւ լեցուն կեանք։ Միթէ ան չըսա՞ւ որ այս աշխարհի իշխանը իմ վրաս ոչ մէկ իշխանութիւն ունի։ Միթէ Քրիստոս չըսա՞ւ որ ոչ ոք կրնայ կեանքս ինձմէ խլել։ Ես իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու։ Նաեւ ան չէ՞ր միթէ, որ ըսաւ. «Ես յաղթեցի աշխարհին» եւ «թէ պէտք է ինք Երուսաղէմ երթայ, ուր շատ պիտի չարչարուի աւագ քահանաներէն, Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ երէցներէն, թէ պէտք է որ սպանուի, եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։
Ի վերջոյ, միթէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս անձամբ չվստահեցո՞ւց աշակերտները, ըսելով. «դուք այժմ տրտմած էք, դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ, դուք պիտի տրտմիք բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի եւ ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին, ուրախութեամբ մը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ»։ Այո՛, խոստացաւ ու ըսաւ եւ դեռ շատ աւելին…։
Այդ ուրախութիւնը, ահաւասիկ, Քրիստոսի մեռելներէն յարութեան Աւետիսն է, սիրելինե՛ր։ Աստուծոյ՝ իր խոստումներուն հաւատարմութեան ի տես, ուրախութիւնն է։ Ատելութեան վրայ սիրոյ տարած յաղթանակի ուրախութիւնն է. մահուան վրայ Կեանքին տարած յաղթանակի ուրախութիւնն է. խաւարին վրայ Լոյսին տարած յաղթանակի ուրախութիւնն է. հպարտութեան վրայ խոնարհութեան տարած յաղթանակի ուրախութիւնն է. բռնատիրութեան եւ ստրկութեան վրայ Ազատութեան տարած յաղթանակի ուրախութիւնն է. մեղքի, ապականութեան ու պղծութեան վրայ սրբութեան՝ տարած յաղթանակի ուրախութիւնն է. մարդկային անարդարութեան եւ իրաւազրկումի վրայ Արդարութեան տարած յաղթանակի ուրախութիւնն է։
Խաւարի զօրութեանց եւ տրամադրութեանց դէմ աստուածային ներողամտութեան, ողորմութեան, անձնուրացութեան, ծառայութեան, զոհողութեան, եւ առաքինութիւններու յաղթանակի ուրախութիւնն է, որ այսօր անգամ մը եւս Քրիստոսի Յարութեան տօնին ընդմէջէն համայն աշխարհին կը ծանուցուի ու կը յայտարարուի։
Բերիոյ Հայոց Թեմի սիրելի եւ թանկագին զաւակներ, ուրախանանք ու ցնծանք, որովհետեւ աշխարհի մեծամեծները եւ աշխարհով կլանուածները որքան ալ փորձեն իրենց սադայելական ծրագիրներով մեր կեանքը յուզել, խռովել ու տագնապել, յարուցեալ Տէրը մեր կողքին է։ Յաղթանակը մերն է, մահուան վրայ տարուած Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը մեր եռակներուն մէջ կը շրջագայի, ուստի չվախնանք, չյուսահատինք, չտրտմինք ու չընկճուինք, որովհետեւ Աստուած խոստացած է մեզ առանձին ու մինակ չթողուլ, այլ մեզի հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհի վախճանը։ Տէրը խոստացած է մեզ պահել ու պաշտպանել Իր անուան եւ խաչի զօրութեամբ եւ պահապան հրեշտակներն ու հրեղէնները պարիսպ կանգնել մեր շուրջը։
Ան իշխանութիւն տուած է մեզի՝ մեր ոտքերուն տակ ճզմելու չար իժերու եւ կարիճներու գլուխները։ Ան խոստացած է ամէն տեսակի բարիքներով ու օրհնութիւններով լիացնել մեր կեանքերը։ Ան մեզի խոստացած է յաւիտենական ու անվախճան ճշմարիտ ու անանցանելի կեանքը՝ Երկինքի Արքայութիւնը։ Ան կը սիրէ մեզ եւ իրեն հաւատացողներս ընդունած է իբրեւ իր սիրելի որդիները եւ մեզ կոչած է լոյսի, ցերեկուան ու յարութեան որդիներ։
Այս հրաշափառ տօնին առիթով, սրտի անհուն ուրախութեամբ եւ անկեղծ սիրով կ’ողջունեմ իւրաքանչիւրդ, կ’օրհնեմ ձեզ աստուածային օրհնութիւններով ու հրամանով եւ ամենաբարին ու աստուածահաճը կը ցանկամ։ Կը շնորհաւորեմ բոլորիդ մեծահանդէս տօնը, մեր Տիրոջ հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը, բարձրաձայն յայտարարելով՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի»։
Քրիստոսի Յարութեան զօրութեամբ զսպանակուած ու յատկանշուած կեանքի նոր ու աստուածախնամ օրեր կը մաղթեմ ողջ աշխարհին, Հայաստանին, Արցախին, մեր ծննդավայր Սուրիոյ, Լիբանանին եւ համայն սուրիահայութեան ու հայութեան։
Հաստատ մնանք մեր հաւատքին մէջ եւ Աստուծոյ ապաւինած քալենք ընդ առաջ։
Մակար Եպս. Աշգարեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին