Տարիները անցան, միջնակարգ դասարան հասած էի, աւելի հասունցած էի: Ուսուցչուհիներէս մին եկաւ մեր դասարանը` ըսելով, որ այսօր վերջին դասապահը սովորական դասաւանդութիւն պիտի չընենք, եւ մեզի ուղեկցեցաւ դպրոցիս (Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին) կից գտնուող «Սարդարապատ» սրահը: Նախքան քայլ առնելը` հարցուցինք.

– Ինչո՞ւ:

Պէտք էր ամէն ինչ հասկնայինք:

– Պարոն Յակոբ Չոլաքեանը պիտի այցելէ մեզի:

Լեռներէն հոսող գետի մը պէս սլացինք աստիճաններէն վար: Ես ալ, դասընկերներուս պէս, շատ ուրախ էի, որ մէկ դասապահէ մը ազատեցայ, միեւնոյն ժամանակ շատ վախցած էի.

– Պարոն Յակոբ Չոլաքեանը անձա՞մբ պիտի տեսնեմ: Միայն թէ ինծի չըսէ` բան մը արտասանէ, խայտառակ կ՛ըլլամ: (Ես ինծի):

Աստիճանները իջած ժամանակ մտքիս մէջ արտասանեցի «Հայ լեզուն տունն է հայուն»-ն ու «Լսիր, որդիս»-ը: «Չես գիտեր, ելլէ հարցնէ, խայտառակ չըլլամ: Եթէ սխալիմ, հայերէնի ուսուցչուհիս ի՞նչ պիտի ըսէ, կամ` տիկին Անի Կարճիկեանը», մտմտացի ես ինծի:

Թէեւ տիկին Անին գիտութիւն կը դասաւանդէր մեզի, բայց հայերէնը բարձրագոյն առարկան էր իրեն համար, եթէ դասը կանուխ վերջացնէինք, իր պայուսակէն կը հանէր հայերէն գիրք մը ու կը կարդար, շատ կը սիրէի թէ՛ զինք, թէ՛ ալ իր տուած «յաւելուածոյ» դասերը, մանաւանդ որ տնային աշխատանքի ծանր բեռը չկար այս պարագային: Հապա մեծ մա՜յրս ի՛նչ պիտի ըսէր, միտքս նոյնիսկ երջանկայիշատակ օրիորդ Նուարդին գնաց, մանկապարտէզի իմ սիրելի ուսուցչուհիս, որուն ձեռքը միշտ գաւազան մը կար…

Բոլորին կնճռոտ նայուածքները երեւակայեցի պահ մը, բայց բոլոր վախերս փարատեցի, նախ երկու ոտանաւորները լաւ կը յիշէի, յետոյ.

– Չէ՜, դուն ալ… Չե՞ս յիշեր պրն. Չոլաքեանին անսպառ ժպիտը երգիծանկարին մէջ: Թէեւ պապան ըսաւ, որ երգիծանկարները միշտ չափազանցուած կ՛ըլլան, բայց եթէ պրն. Չոլաքեանը այդ նկարին կէսին չափ ժպտադէմ ըլլայ, չի ջղայնանար, բոլորն ալ կը հանդարտեցնէ: Խոհեմ պէտք է ըլլայ, պապուկը ըսաւ` վարժապե՛տ է:

Սրահ մտնելուս պէս տեսայ Քեսապի Հայ աւետարանական Միացեալ նահատակաց եւ Հայ կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարաններուն աշակերտները, որոնք արդէն տեղաւորուած էին: Հիւրը պրն. Չոլաքեանն էր, պէտք էր Քեսապի դպրոցներուն ամբողջ աշակերտութիւնը ներկայ ըլլար:

– Անո՞նց ալ ուսուցչապետն է պրն. Չոլաքեանը: Բայց իրենց հայերէնի դասագիրքերը ուրիշ են, մայրս աւետարանականներուն դպրոցը հայերէն դաս կու տար առաջ, դասագիրքերը միշտ կը բերէր տուն, անոնց վրայ հայկական գորգ ու ծակ փորով կին չկար: Ինչ գիտնա՜մ, իրենք ալ թող լսեն իրեն ու ճիշդը սորվին:

Փոքրիկի մտածելակերպ…

Բեմէ վար նշմարեցի պրն. Չոլաքեանը: Կը զրուցէր երեք դպրոցներուն ուսուցչաց կազմերուն հետ: Չէր գիտեր` որո՛ւ պատասխանէր, բոլորը կը փորձէին յափշտակել զայն:

– Պապան սուտ էր, երգիծանկարը բնաւ չափազանցուած չէր, այս ի՜նչ ժպտադէմ մարդ մըն է: Բարի կ՛երեւի, աչքերը` մեծ մամային պէս եռանդով լի:

Նստանք մեր տեղերը: Աչքս հայերէնի ուսուցչուհիիս` օրիորդ Սալբի Սաղտճեանին վրան էր: Մէկ կողմէն կը վախնայի Չոլաքեանին շատ երկար նայելէ, «ինքն ալ ինծի չնայի», միւս կողմէն ալ օրիորդ Սալբին եւ մնացած ուսուցչուհիներս այսքա՜ն ուրախ չէի տեսած: Բայց ինծի համար ամէնէն կարեւորը օրիորդ Սալբին էր: Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ կղերականներու պէս դասերու բաժնած էի հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները` օրիորդ Սալբին վարժապետ էր, իսկ պարոն Չոլաքեանը` ուսուցչապետ, փոքրիկ Վահանին երեւակայութեամբ` «Ամենայն Հայոց ուսուցչապետ»:

Ներկայացուցին պարոն Չոլաքեանը. այդ բոլորը գիտէի, կը շտապէի.

– Թող ի՛նքը խօսի (ես ինծի)… Ու տե՛ս, որդիս, ու՜ր էլ լինես, այս լուսնի տակ ու՜ր էլ գնաս… (մտքիս մէջ տասներորդ անգամ ըլլալով կրկնեցի), հիմա չելլէ` ըսէ. «Ես իմ անուշ Հայաստանին» արտասանէ»:

Օրիորդ Սալբին ժապաւէնով լսցուցած էր Բադալեանին կատարումը, մեծ մամային ալ հազար անգամ արտասանած էի, բայց վերաքաղ չհասցուցի ընել:

Խօսքը առաւ պարոն Չոլաքեանը: Ի՜նչ եռանդուն, ի՜նչ խանդավառ, ոգեւորեց բոլորը: Նոյնիսկ սրահին մէջ գտնուող քանի մը արաբ աշակերտները իրենց աթոռներէն ոտքի կ՛ուզէին ելլել, որ լաւ տեսնեն այս բոցավառ անձնաւորութիւնը: Հազիւ քիչ մը հայերէն կը հասկնային, անոր խօսածը դժուար թէ հասկնային, շատ մաքուր եւ գեղանի էր անոր լեզուն, անոր պատրաստած դասագիրքերուն մէջի վարժութեան հրահանգներ տուող հատուածներէն ալ անուշ կը հնչէր: Ես ոտքի կանգնելու, կամ աթոռիս վրայ բարձրանալու կարիք չունէի, լաւ կը տեսնէի զայն, բախտաւոր էի, ո՛չ շատ ետեւ նստած էի, որ չտեսնէի զինք, ո՛չ ալ շատ առջեւ:

– Չեմ կարծեր, որ զիս կը տեսնէ:

Բարձրահասակ դասընկերս ալ առջեւս նստած էր, երբ որ պրն. Յակոբը մեր կողմը նայէր, կը պահուըտէի թիկնեղ դասընկերոջս ետեւը:

Մեզի պատմեց ցորենին ղարիպութեան երթալու պատմութիւնը, երբ գարիէն կը խնդրէ իր տեղը հացահատիկ ըլլալ, մինչեւ վերադառնայ, եւ գարին խանդավառուած` կ՛ուզէ փախլաւայ ալ ըլլալ:

– Գարին կը վազէ ցորենին ետեւէն,- պատմեց պրն. Չոլաքեանը,- փախլաւա ալ ըլլա՞մ: Համբերէ ըսաւ Ցորենը, հալա ել սաճին վրան, յետոյ փախլաւա ըլլալուն կարգը կու գայ (բառացի չեմ մէջբերած):

Բոլորը կը ժպտէին, մանաւանդ` ուսուցչուհիները, ոչ միայն իմ դպրոցիս, այլ` մօրս պաշտօնակիցներն ալ, բայց տակաւին ինծի համար ամէնէն կարեւորը օրդ. Սալբին էր, բոլորին հետ ինքն ալ յօժարութիւն յայտնելով` գլուխը կը շարժէր, ժպիտը երթալով կը մեծնար:

– Լա՛ւ, քանի օրիորդ Սալբին հաւնեցաւ, ուրեմն լաւ իմաստ մը ունի, յետոյ կը հարցնեմ իրեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ:

Թէեւ չհասկցայ այդ պատմութեան իմաստը, բայց գոց սորվեցայ, նախ մամային պիտի պատմէի անոր աշխատանքային ժամերը վերջացած էին, թէ ոչ իր աշակերտներուն եւ գործընկերուհիներուն կու գար անպայման հանդիպումի հետ, չէ՞ որ իրեն դասաւանդած էր պրն. Չոլաքեանը: Յետոյ ամէնէն կարեւորը մեծ մամային ու պապուկին պիտի պատմէի, ծայրէ ծայր, սահուն եւ լաւ առոգանութեամբ: Պապուկը վստահաբար «աֆֆերիմ շպիէն» պիտի ըսէր, ես ալ պիտի հարցնէի իրեն.

– Ասի նոյն այդ քամիին չտարած ցորե՞նն է, որուն մասին միշտ կը պատմէիր ինծի ու քոյրերուս, եթէ քամին չկրցաւ տանիլ, հապա ինչո՞ւ գնաց ղարիպութեան:

Առաջին անգամն էր, որ կարիքը չզգացի Թումանեանի եւ կամ այլոց նկարազարդ գիրքերէն փոխ առնել մարդոց դիմագիծներն ու վայրերու պատկերները: Ես ինծի երեւակայեցի, որ ցորենը ցուպը ձեռքին` արդէն Տիւզաղաճ հասած էր (Քեսապի գիւղերէն մին, դէպ ի Լաթաքիոյ ճամբուն վրայ գտնուող), գարին ալ ետեւէն կը վազէ: Յետոյ, մարմարէ աստիճաններով, կարծես խորանի աստիճաններ ըլլային, կը բարձրանայ սաճին վրան, այդտեղէն ալ աւելի բարձր, առանց սանդուղի կամ աստիճաններու, փախլաւա ըլլալու տեղը պիտի հասնի:

Այս պատմութիւնը լսելէս ետք ուզեցի, որ իմ կողմս նայի պարոն Չոլաքեանը:

– Է՜, այս ի՜նչ երկար է առջեւս նստած դասընկերս, պիտի չտեսնէ զիս: Եթէ կանչէ ու չըսէ արտասանէ, ապա պիտի երգեմ իրեն:

Ուսուցչուհիներէս մին մoտեցաւ մեզի.

– Կարգով վերադարձէք դասարան:

Պարոն Չոլաքեանին չէի տեսներ այլեւս, քահանան, վարդապետը, պատուելին եւ երեք դպրոցներուն ուսուցչական կազմերը, ոչ միայն հայ, այլ արաբ դասատուներով հանդերձ, նորէն օղակ մը կազմեցին անոր շուրջը, այս անգամ աւելի մեծաթիւ էին զայն պաշարողները: Ա՛լ ուշ էր… Ես ինծի «Չեմ կարծեր արտասանութիւն կ՛ըլլայ» ըսելով` յանձնուեցայ ուսուցչուհիիս կամքին:

Հիմա կը հասկնամ, թէ դեռ որքա՜ն ճամբայ ունինք քալելու, որպէսզի ոչ թէ գարի, այլ գոնէ յարդ մ՛ըլլանք, ա՛լ չեմ ըսեր` ցորեն կամ պարոն Յակոբին պէս` մանանայ:

***

Վերջերս հետս կապ հաստատեցին քեսապցի եւ մուսալեռցի խումբ մը երիտասարդներ, որոնք համախմբուելով կ՛ուզէին պարոն Չոլաքեանը պարգեւատրել, ինծի ալ առաջարկուեցաւ մաս կազմել այս յանձնախումբին:

– Բեմավար կ՛ըլլա՞ս:

– Անշո՛ւշտ:

Ես ինծի կ՛ըսէի` «վերջապէս՛», պէտք էր այս ձեռնարկը 25 տարի առաջ կազմակերպուէր, «ուսուցիչներուս ուսուցիչին` ծառաներուն ալ ծառան ըլլալու պատրաստ եմ»: Փառք Աստուծոյ, յաջող անցաւ 18 մարտ 2023-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Մեծարանքի երեկոն», որուն յայտագրին մասին չեմ ուզեր խօսիլ, յարգարժան ընթերցողը առցանց կրնայ դիտել ամբողջական տեսերիզը, Դիմատետրի եւ Եութիւպի վրայ հասանելի է: Սակայն երկու կէտի վրայ կ՛ուզեմ կեդրոնանալ:

Շատ գեղեցիկ երեւոյթ մըն էր խմբային աշխատանքը եւ անոր տուած արդիւնքը: Երբ որ քանի մը հոգի կը հաւաքուին, մեծ սիրով ձեռք-ձեռքի կու տան ազնիւ գործ մը կատարելու, անպայման յաջողութեան կը հասնին: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամներէն շատերուն առաջին անգամն էր, որ կը հանդիպէի, ոմանց ալ շատոնց գիտէի, այստեղ բոլորս կը շաղախէր մեր սէրը պրն. Չոլաքեանին հանդէպ եւ իր կատարած աշխատանքին նկատմամբ ունեցած մեր յարգանքը: Որքա՜ն ալ ուրախ էի ձեռնարկին աւարտին, զարմանալիօրէն այդքան ալ տխուր էի, կարծես դպրոցիս կամ բանակումի մը վերջին օրը ըլլար:
Իսկ երկրորդ կէտը, որուն մասին կ՛ուզեմ խօսիլ, պրն. Չոլաքեանին հեզութիւնն էր: Յանձնախումբի անդամներէն շատերը կը պատմէին, որ ան շատ ազնիւ մարդ մըն է, ծնողներուս հետ ալ այս նիւթը արծարծած ատեն մայրս ըսաւ (բառացի կը մէջբերեմ).

– Վահան՛, այնքա՜ն համեստ, այնքա՜ն համեստ մարդ մըն է, որ չես կրնար երեւակայել, իրաւ՛:

Ձեռնարկին աւարտին, երբ խօսքը տրուեցաւ պրն. Յակոբ Չոլաքեանին, ան ըսաւ.

– Կը դառնամ, կը նայիմ, թէ ես ի՞նչ ըրի, կարծես թէ բան մըն ալ ըրած չեմ, պէտք է նոր-նոր սկսիմ… Հիմա անցեր է այդքան տարի, կը մտածեմ, որ այդ Թոփալ Մինասը ասացողս որքա՜ն ճիշդ ըսեր էր… Գարիէն տարբեր բան մը չկրցայ ընել:

Ի պատասխան պրն. Չոլաքեանին վերջին խօսքին` արաբ բանաստեղծէ մը փոխ պիտի առնեմ տուն մը.

– «Ձեզ նման ատոք(2) հասկերը համեստօրէն կը խոնարհին, իսկ դատարկագլուխները հպարտօրէն բարձաբերձ կ՛ըլլան:

Ես ալ իմ բառերովս աւելցնեմ.

«Քեզ ի՞նչ գովք երգեմ, ո՜վ ուսուցչապետ,
Մեր մշակներուն(3)` ամէնէն վարպետ:
Ազնուօրէն ոսկէ ցորենի մը պէս խոնարհ ես,
Թէեւ ամենավսեմ բարձունքէն վեհ ես:
Ժրաջան մեղուի պէս գործդ կը տանիս,
Քու շինած մեղրովն(4) իսկ յաւէտ՛ պիտ ապրիս:»

——————

1.- Ամպածրար` ամպի մէջ ծրարուած, այն բարձր լեռը, որուն գագաթը ամպերու մէջ կորսուած կ՛ըլլայ:

2.- Ատոք` լեցուն, ցորենի հասուն (հասկ), լաւ լեցուած, ծանր կշռող (ցորենի հատիկ). լաւ բուսած, ուռճացած (հասկ):

3.- Մշակ բառին մէջ կը պարփակեմ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ, կաճառական հետազօտող, համալսարանի դասախօս, մանկավարժ, գիրքերու խմբագիր, ազգագրագէտ, բանագէտ, լեզուաբան, բարբառագէտ, գրականագէտ, պատմագիր, սփիւռքագէտ եւ այլ մասնագիտութիւններ, որոնց տիրացած է պրն. Յակոբ Չոլաքեանը:

4.- Արդէն իրագործած եւ ապագային կատարելիք աշխատանքով:

Վահան Կ. Մանճիկեան