Թուրքիա անհրաժեշտ կը համարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջև որքան կարելի է շուտ կնքել խաղաղութեան պայմանագիրը։ Այս մասին այսօր՝ 7 Ապրիլին, յայտարարած է թրքական դիւանագիտութեան ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն՝ ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն վերջ։

«Մենք քննարկած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը։ Մենք կողմ ենք երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուտափոյթ կնքումին։ Մենք պիտի շարունակենք խորհրդակցութիւնները այս հարցին շուրջ՝ Ռուսիոյ հետ», յայտնած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը։

«Անգարա կ’աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղուած ջանքերուն», յայտնած է թուրք նախարարը։
«Մոսկուա եւ Անգարա կողմ են Հարաւային Կովկասի եւ այս տարածաշրջանի հարեւան երկիրներուն միջեւ գործակցութեան խորացման», իր կարգին յայտնած է ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը։

«Մենք կ’ողջունենք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ սկսած է մեր աջակցութեամբ։ Մենք կ’ողջունենք տարածաշրջանի մէջ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած ջանքերը։ Անշուշտ, մենք կ’ողջունենք նաեւ Հարաւային Կովկասի հարցերու լուծումը։ Այս բոլոր հարցերուն շուրջ, ինչպէս յայտնի է, եռակողմ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ։ Այս համաձայնագիրները կը մնան աշխատանքի շարունակման հիմքը։ Յոյսով ենք, որ մեր արտատարածաշրջանային գործընկերները չեն միջամտեր այս գործընթացին, այլ կ’ուղղորդեն կողմերը լրջօրէն իրականացնելու եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները», ըսած է ռուս նախարարը։