Իրանի խորհրդարանի շուրջ 210 պատգամաւորներ յայտարարութիւն տարածած են, որուն մէջ դատապարտած են բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացումը, ինչպէս նաև տարածաշրջանի մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակին նշանակումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով IRNA գործակալութիւնը:

Իրանի խորհրդարանի պատգամաւորները նաև կոչ ուղղած են Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան քայլերու ձեռնարկելու այդ գծով:

Այսօր տարածուած յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դեսպանատուն բացած է Իսրայէլի մէջ և «իր դեսպանին ներկայացուցած է կեղծ վարչակարգին՝ անհաւատալի արարք, որ կը հակասէ իսլամական աշխարհի շահերուն»։

«Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու այս քայլը կը յանգեցնէ տարբեր բացասական քաղաքական հետևանքներու, և իսլամները զիրենք կը համարեն ճնշուած պաղեստինցիներու դէմ կատարած յանցագործութիւններուն մէջ սիոնիստական վարչակարգի մեղսակիցներ»,ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Իրանցի պատգամաւորները արաբական և իսլամական կառավարութիւնները, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը և Միջխորհրդարանական միութիւնը յորդորած են դատապարտել Ատրպէյճանի քայլը։

Թել Աւիւի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է 29 Մարտին: Դեսպանատան բացման Իսրայէլ մեկնած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոցնախարար Ճէյհուն Պայրամովը: