Աւագ Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս մատուցուեցաւ Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի Պատարագ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագին: Օրուան պատարագիչն էր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Արարողութեան հիւրաբար ներկայ գտնուեցան Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Պետրոս Քասիս Եպիսկոպոսը եւ իրեն ընկերակցող Աֆրամ Ուազիր վարդապետը: Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալներու մեծաթիւ բազմութիւն։

Ճրագալոյցի նաւակատիքի արարողութիւն կատարուեցաւ: Դպիրներու կողմէ կատարուած սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի:

Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ յայտարարեց մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի Պատարագին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդին եւ իրեն ընկերակցող վարդապետին ներկայութեան համար, որոնք մեզի աղօթակից դառնալով մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն մեզի հետ տօնախմբեցին Ս. Յարութեան տօնը եւ մեր ուրախութիւնը կիսեցին: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Պետրոս եպիսկոպոսին ներկայութիւնը օրհնութիւն եւ զօրակցութիւն է մեզի համար եւ կ՚արտայայտէ երկու քոյր եկեղեցիներուն միջեւ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցող եղբայրասիրութիւնը, փոխ-գործակցութիւնը եւ հաւատքի միութիւնը։
Սրբազան Հայրը քանի մը գաղափարներ փոխանցելով պարզաբանեց օրուան խորհուրդը: Ան դիտել տուաւ, որ Ս. Յարութեան տօնը ուրախութեան եւ ցնծութեան տօն է մեզի համար, որովհետեւ որքան որ դժուար, ծանր ու տագնապալի էր աշակերտներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին համար, ականատես եւ ականջալուր ըլլալ Քրիստոսի ձերբակալութեան, դատապարտութեան, տառապանքին, չարչարանքին, խաչելութեան եւ թաղման, որքան որ յուսահատութիւնը շղթայած էր իրենց սիրտը, որքան որ մեղքի եւ անարդարութեան խաւարը ճնշած էր բոլորին հոգիներուն եւ սրտերուն վրայ, որքան որ ժամանակ մը կարծեցին, որ արդարութեան ձայնը խեղդուեցաւ, կեանքը գերեզմանի դարձաւ եւ լոյսը խաւարի շղարշով պատուեցաւ, սակայն մեր Տէրը իր խոստումին հաւատարիմ մնալով ըսած էր, որ Մարդու Որդին պիտի երթայ Երուսաղէմ, ուր զինք պիտի ձերբակալեն, տանջանքի ենթարկեն, խաչը հանեն, բայց երեք օրեր ետք Ան յարութիւն պիտի առնէ:

Մակար Սրբազան «Այսօր յարեաւ» շարականի բառերով յայտնեց, թէ մեր Տէրը կամաւորաբար խոնարհեցաւ մարդը փրկելու համար, իր սէրէն մղուած աշխարհ եկաւ եւ յանձն առաւ յօժարակամ, փոխանորդական մահը, իր վրայ վերցուց մեր յանցանքները, մեր փոխարէն անէծք դարձաւ, կամաւորաբար յանձն առաւ խաչի մահը եւ գերեզման դրուեցաւ, որպէսզի իր մահով մահուան իշխանութիւնը խորտակէ եւ իր յարութեամբ մեզ յարութեան կոչէ եւ կեանք պարգեւէ:

«Քրիստոս հեղեց իր սուրբ արիւնը եւ իր սուրբ խաչի նշանով կնքեց մեզ, որպէսզի մեղքին խայթոցը՝ չարը չմօտենայ մեզի եւ չզգետնէ մեզ:
Դարեր շարունակ ժողովուրդը կը սպասէր Մեսիային, որպէսզի գայ եւ զինք փրկէ՝ այսօր այդ խոստումը իրականացուց Տէրը: Ս. Յարութեամբ ան ազատագրեց, փրկեց, բժշկեց եւ իր կենդանի ներկայութեամբ՝ իր լոյսը, իր կեանքն ու իր խաղաղութիւնը պարգեւեց մեզի», հաստատեց Սրբազան Հայրը:

Այսօր գերեզմանէն ժայթքող աստուածային նոր կեանքի, յաղթանակի, այլ խօսքով սիրոյ, ներողամտութեան, խոնարհութեան եւ ծառայութեան տօնն է: Քրիստոս կենդանի Աստուծոյ մէջ կը մարմնաւորուէր եւ մենք այսօր մեր մէջ ունինք այդ զօրութիւնը, նոյն հոգին, նոյն լոյսը, որովհետեւ Քրիստոսի կը պատկանինք:
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները Ս. Յարութեան տօնին ուրախութեամբ եւ տեսլականով աղօթելու, որպէսզի Ս. Յարութեան աստուածային զօրութիւնը, որ Քրիստոսը յարուցանեց մեռելներէն եւ արդարներուն հոգիները իր հետ վեր բարձրացուց, մեր կեանքերը եւս ուղղէ միշտ դէպի բարին, կատարեալը եւ յաջողը:

Սրբազան Հայրը կրկին անգամ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդին ներկայութեան համար, շնորհաւորեց Ասորի Համայնքը՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով եւ առողջ, արեւշատ ու բարեյաջող օրեր մաղթեց Պետրոս Եպիսկոպոսին:

Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպրաց դասը Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող Ս. Խորանի լոյսով լուսաւորեցին իրենց մոմերը եւ հոգեկան ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ երգեցին «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը: Հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերին Քրիստոսի Յարութիւնը փառաբանող շարականի երգեցողութեան, հայցելով, որ յարուցեալ Քրիստոսի աստուածային լոյսով իրենց հոգիներն ու միտքերը համակուին:

Հաւատացեալները բերկրանքով եւ հոգեկան ուրախութեամբ, Քրիստոսի լոյսը տարին իրենց տուները:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ